Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 28 Յունիսի թուիթները։

28 Յունիսին կը յիշատակուի Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտին տօնը եւ է նաեւ օր Քահանաներու սրբութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Յիսուսի Սուրբ սրտի տօնին առթիւ, 28 յունիսի առաւօտեան, հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց. «Յիսուս մեզ կը դիտէ, մեզ կը սիրէ ու մեզ կը սպասէ։ Ան ամբողջութեամբ սիրտ ու ողորմութիւն է։  Յիսուսին դիմենք վստահութեամբ։ Ան միշտ կը ներէ մեզ #SacroCuorediGesù։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ Քահանայապետի Աղօթքի համաշխարհային ցանցի հիմնադրութեան 175 տարեդարձին առթիւ, հրապարակեց այլ թուիթ մը, որուն մէջ մատնանշելով յոբելեանին՝ հրաւիրեց բոլորը աղօթելու՝ «որպէսզի միացած ըլլանք Յիսուսի Սրտին ու միասին մասնակցինք Անոր փրկութեան առաքելութեան» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ որ աւելի ուշ հրապարակեց այլ թուիթ մը որուն մէջ՝ Քահանաներու Սրբութեան Օրուան առթիւ խնդրեց աղօթել բոլոր քահանաներուն համար։

«Աղօթեցէք բոլոր Քահանաներուն համար  ու նաեւ իմ  Պետրոսեան առաքելութեան համար, որպէսզի ամէն մէկ հովուական արարք դրոշմուած ըլլայ սիրոյ մէջ զոր Քրիստոս վերապահած է իւրաքանչիւր  մարդու»   գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2019, 15:00