Որոնել

Փախստականներ Փախստականներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 20 Յունիսի թուիթները` Ս. Հաղորդութեան տօնի եւ Փախստականներու համաշխարհային օրուան առթիւ։

Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ որ մենք մեզ նուիրենք ուրիշներուն:

Հինգշաբթի 20 յունիս 2019-ին Եկեղեցին կը յիշատակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը։ Տօն որ հաստատուած է նոյնինքն մեր Փրկչին կողմէ, Վերջին Ընթրիքի պահուն, երբ Ան իր աշակերտներուն տուաւ իր մարմինն ու արիւնը որպէս կեանքի հաց եւ փրկութեան ըմպելի։

Այս առթիւ Նորին Սրբութիւն հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց ՚՚Յիսուս մեզի համար դարձաւ բեկանուած հաց ու մեզմէ կը խնդրէ որ մենք մեզ նուիրենք ուրիշներուն, չ՛ապրինք մենք մեզի համար, այլ մէկը միւսին համար #CorpusDomini՚՚։

Նոյն օր կը յիշատակուի նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած փախստականներու միջազգային օրը։ Այս առթիւ եւս Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ ՚՚Փախստականներու հետ Նախախնամութիւնը մեզի առիթ կ՛ընծայէ կառուցելու աւելի զօրակից ու Եղբայրական ընկերութիւն մը, ու աւելի բաց եւ Աւետարանի վրայ հիմնուած քրիստոնեայ հասարակութիւն - #WithRefugees՚՚։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2019, 16:30