«Մանուկները պէտք չէ աշխատին դաշտերու մէջ այլ երազներու վրայ»։ «Մանուկները պէտք չէ աշխատին դաշտերու մէջ այլ երազներու վրայ»։  

«Մանուկներու աշխատանքի չարաշահումին դէմ միջազգային օր». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

«Մանուկները պէտք չէ աշխատին դաշտերու մէջ այլ երազներու վրայ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 12 Յունիս 2019-ին կը նշուի «Մանուկներու աշխատանքի չարաշահումին դէմ միջազգային օրը» որուն այս տարուայ բնաբանն է «Մանուկները պէտք չէ աշխատին դաշտերու մէջ այլ երազներու վրայ»։

ՄԱԿ-ի տուեալներու համաձայն աշխարհի մէջ աւելի քան 152 միլիոն մանուկներ եւ անչափահասներ թիրախ են աշխատանքային չարաշահումի։ 

Ունկնդրէ լուրը

«Մանուկներու աշխատանքի չարաշահումին դէմ» միջազգային օրուայ յիշատակումի որոշումը որդեգրուած է 2002 թուականին ՄԱԿ-ի «Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան» առաջարկով, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ դնել աշխատանքի ասպարէզէն ներս մանկական աշխարհի դէմ մղուած չարաշահումները ու ի գործ դնել ձեռնարկներ՝ պայքարելու ու վերացնելու համար այդ երեւոյթը։

ՄԱԿ-ին նպատակն է մինչեւ 2025 թուական արմատախիլ ընել այս երեւոյթը։

Վերոնշեալ միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց. «Որպէս չափահասներ չենք կրնար մանուկներէն գողնալ իրենց երազելու կարողութիւնը։ Ջանանք խթանել յոյսի ասպարէզ մը, ուր անոնց երազները աճին ու բաժնեկցուին. Բաժնեկցուած երազ մը կը բանայ նոր ապրելակերպի մը ճանապարհը»#NOChildLabourDay։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2019, 11:30