Որոնել

Յիսուսի համբարձման սրբապատկերը Յիսուսի համբարձման սրբապատկերը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 յունիսին թուիթը: «Յիսուս երկինքին մէջ մեզի համար կը բարեխօսէ:»

Մենք ունինք վստահութիւն մը . Յիսուսը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

7 յունիս 2019ին, Քահանայապետական թուիլթըր կայքին վրայ կատարած գրառումին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ Յիսուսի երկինք համբարձման, վստահեցնելով թէ Յիսուս Երկինքին մէջ Հօր Աստուծոյ առջեւ մեզի համար կը բարեխօսէ:

«Ինչպէս գիտեմ, թէ Տէրը ինծի մտիկ կ՝ընէ: Մենք ունինք վստահութիւն մը . Յիսուսը: Ան մեծ բարեխօսողն է: Ան Համբարձաւ երկինք, Հօր դիմաց կը գտնուի, մեզի համար բարեխօսելու: Ան շարունակ բարեխօսութեան աղօթք կը կատարէ:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2019, 13:30