Որոնել

Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օr Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օr 

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը «Շրջակայ միջավայրի համաշխարհային օրուան առթիւ»

Մոլորակի օդն է որ մեզի շունչ կը պարգեւէ, անոր ջուրը մեզ կը կազդուրէ եւ կը կենդանացնէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 5 յունիսին կը յիշատակուի ՄԱկ-ի կողմէ հռչակուած «Շրջակայ միջավայրի» համաշխարհային օրը որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց  հետեւեալ  գրութիւնը։

«Այսօր երախտապարտ ըլլալով Աստուծոյ կը յիշենք որ մեր մարմնին մէջ պարունակուած են մոլորակի տարրերը, անոր օդն է որ մեզի շունչ կը պարգեւէ, անոր ջուրը մեզ կը կազդուրէ եւ կը կենդանացնէ։ #BeatAirPollution #LaudatoSì»

Նշենք թէ վերոնշեալ միջազգային օրը հռչակուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 27-րդ նստաշրջանի որոշումով՝ 1972 թուականի դեկտեմբեր 16-ին։ 5 Յունիսի թուականը ընտրուած է ի յիշատակ Սթոքհոլմի յանձնաժողովի աշխատանքներու մեկնարկին,  որուն մտահոգութիւնն է մարդու շրջակայ միջավայրի հայող խնդիրները։

Գլխաւոր Յանձնաժողովը իր որոշման մէջ կոչ ուղղած է բոլոր պետութիւններուն ու ՄԱԿ-ի  կազմակերպութիւններուն, իւրաքանչիւր տարի այդ օրուայ ընթացքին ձեռնարկելու ծրագիրներ որոնք կը մտին հաստատել յանձնառումը՝ ի նպաստ շրջակայ միջավայրի պահպանման և անոր բարելաւման ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2019, 15:00