Որոնել

Արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքներ Արեւելեան եկեղեցիներու Պատրիարքներ 

10 – 12 Յունիս R.O.A.C.O.-ի 92-րդ լիագումար նիստը Վատիկանի մէջ։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պապական նուիրակներ, Կաթողիկէ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ու առաքելական աթոռի բաժանմունքներու պատուիրակներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը ուրախութիւնը ունի հաղորդելու որ Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութիւն մատուցող  հաստատութիւններու համախմբումի»  ROACO –ի 92-րդ լիագումար հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 10էն մինչեւ 12։ Աշխատանքային նիստերը սկիզբ պիտի առնեն Ֆրանչիսկոս Պապին հաւաքի մասնակցողներուն շնորհած ունկնդրութեամբ՝ երկուշաբթի 10 Յունիս 2019-ի առաւօտեան» այս կը կարդանք Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, որուն մէջ կը տեղեկացուի որ Երեքշաբթի օր Յիսուսեաններու Միաբանութեան Մայր Տան Եկեղեցւոյ մէջ, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ ու ROACO-ի նախագահ, պատարագ պիտի մատուցէ հաւաքին աշխատանքները յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ հովանիին որուն առթիւ ապա յատուկ աղօթք պիտի կատարուի ննջեցեալ բոլոր բարերարներու դիտաւորութեան։

11 Յունիսի նիստերը պիտի շօշափեն Հնդկաստանի ու Եթովպիայի եկեղեցիներու հայող հարցեր  ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի եկեղեցական կացութիւնը ու Միջին Արեւելքի իրավիճակը։

Ժողովականները ապա առիթը պիտի ունենան  ունկնդրելու Ուքրանիոյ մէջ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Քուճերոթթի Երկրին իրավիճակի մասին զեկոյցը։ Մինչ Կարդինալ Զենարի պիտի զեկուցէ Սուրիոյ իրավիճակի մասին։

Չորեքշաբթի 12 յունիսին նիստերու խորհրդածութիւնները պիտի նուիրուին «Երիտասարդներ, կոչում եւ կազմաւորում՝ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան համար» նիւթին։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Պապական նուիրակներ, Կաթողիկէ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ու առաքելական աթոռի բաժանմունքներու պատուիրակներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2019, 12:00