Ֆրանչիսկոս Պապ  եւ Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենետիկտոս վաստակաւոր Քահանայապետը 

Պենետիկտոս ԺԶ. «Պապը մէկ է՝ Ֆրանչիսկոսը։ Միութիւնը աւելի է հզօր է բաժանումներէ»։

Հարցազրոյցի մը ընթացքին Վաստակաւոր Քահանայապետը կը յիշեցնէ որ եկեղեցւոյ պատմութիւնը միտ ալ յատկանշուած է ներքին մատնչութիւններով, սակայն գերակշռելու է միութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկեղեցւոյ միութիւնը յարատեւ վտանգի մէջ է, դարերէ ի վեր։ Այսպէս եղաւ անոր բոլոր պատմութեան ընթացքին։ Պատերազմներ, ներքին հակամարտութիւններ, հերձուածութեան սպառնալիքներ։ Բայց վերջաւորութեան միշտ գերակշռեց գիտակցութիւնը որ Եկեղեցին է եւ պէտք է մնայ միացած։ Անոր միութիւնը միշտ աւելի հզօր եղաւ ներքին մատնչութիւններէն ու պատերազմներէն։» Այս բառերը կ՛արտայայտեն վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ համոզումը,  որ բոլորին կը յիշեցնէ նաեւ որ «Քահանայապետը մէկ է՝ Ֆրանչիսկոսը»։

Ունկնդրէ լուրը

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի վերոնշեալ բառերը հրապարակած է Քորրիերէ Տէլլա Սերա իտալական օրաթերթը որ յառաջիկային պիտի հրապարակէ վաստակաւոր Քահանայապետի հետ ունեցած զրոյց մը։

Ռացինկեր Քահանայապետը մեծ յանձնառութեամբ գործած է ի նպաստ միութեան ու եկեղեցական հաղորդութեան, մինչեւ իր Քահանայապետութեան վերջին օրը ՝28 փետրուար 2013-ին, երբ կարդինալներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, ան խրախուսեց զանոնք մնալու միացած,  որպէսզի տարբերութիւններուն հանդերձ կարողանային լաւապէս ծառայել եկեղեցւոյ ու համայն մարդկութեան։

Այդ առթիւ Վաստակաւոր Քահանայապետը ապահովեցուցած էր նաեւ իր աղօթքները ապագայի քահանայապետին ըսելով «ձեր մէջ, կարդինալական այս դասին մէջ, կայ ապագայի Քահանայապետը, որուն այսօրուընէ իսկ կը խոստանամ իմ անվերապահ յարգանքն ու հնազանդութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2019, 13:00