Ընտանիքի լուսանկար Ընտանիքի լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթը, ծնողաց համաշխարհային օրուան առթիւ:

Ծնողաց համաշխարհային օրը հաստատուած է գնահատելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու ծնողաց անթիւ զոհողութիւններուն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

1 յունիս, 2019-ին, ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած,  ծնողաց միջազգային օրուան առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակելով նոր թուիթ մը, ծնողներէն խնդրեց, որ իրենց զաւակներուն բացայայտել տան Յիսուսի սէրը, նկատել տալով, որ Յիսուսի սէրով զաւակները  աւելի քաջ ու զօրեղ պիտի դառնան, գրած է Սրբազան Հայրը:

«Սիրելի ծնողներ, օգնեցէք ձեր զաւակներուն, Յիսուսին սէրը բացայատելու: Սա, զանոնք պիտի դարձնէ աեւլի զօրեղ ու քաջարի:»

Նշենք թէ,  ծնողաց համաշխարհային օրը հաստատուած է, գնահատելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու աշխարհի համայն ծնողներուն, իրենց զաւակներուն դաստիրակութեան յանձնառումի եւ յարատեւ զոհողութիւններուն համար:

Արդարեւ, 1980 թուականէն է վեր, միջազգային հասարակութիւնը , սկսաւ աւելի կարեւորութիւն տալ ընտանիքին,  տրուած ըլլալով, որ ընտանիքը իրենց զաւակները պաշտպանելու եւ դաստիարակելու մեծ պատասխանատուութիւնը ունին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2019, 12:47