Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Ճիզոթթի Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Ճիզոթթի 

Քահանայապետական ներկայացուցիչներու ժողով Վատիկանի մէջ :

Ժողովին պիտի մասնակցին քահանայապետական ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին 98 պապական նուիրակներ եւ 5 մնայուն դէտեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Երկուշաբթի, 10 յունիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ, յառաջիկայ 12-15 յունիսին ժողով մը գումարած է քահանայապետական ներկայացուցիչներուն համար:

Ունկնդրէ լուրը

2013 եւ 2016 թուականներուն կայացած քահանայապետական ներկայացուցիչներուն ժողովներուն լոյսին ներքոյ, Նորին Սրբութիւնը կը փափաքի որ ամէն երեք տարի անգամ գումարուի քահանայապետական ներկայացուցիչներուն ժողովը:
Նշուած է Սուրբ աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնին յայտարարութեան մէջ
Ժողովի համակարգումն ու պատրաստութիւնը յանձնուած է , Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, Պետական քարտուղարութեան, Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական պաշտօնեաներուն բաժանմունքին:

Ժողովին պիտի մասնակցին քահանայապետական ներկայացուցիչներ , որոնց շարքին 98 պապական նուիրակներ եւ 5 մնայուն դէտեր: 

15 յունիսին, Ժողովին եզրափակիչ օրը,  հրաւիրուած են  հանգիստի կանչուած այլ 46 պապական նուիրակներ: 13 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ունկնդրութեամբ պիտի ընդունի ժողովականները եւ անոնց պիտի փոխանցէ պատգամ մը:

Ինչ կը հայի քահանայապետական ներկայացուցիչներուն օրակարգին, յայտարարութեան մէջ նշուած է որ ժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած են երկու հանդիպումներ, Պետական քարտուղարութեան մեծաւորներուն հետ: Նախատեսուած է նաեւ եկեղեցական այժմէական հարցերու շուրջ դասախօսութիւններ ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութեան եւ կրօնական երկխօսութեան մասին:

Պիտի գումարուին նաեւ կարգ մը նիստեր՛ ըստ ցամաքամասերուն խմբակներուն: Տեղի պիտի ունենայ հանդիպումներ Հռոմի Քուրիայի կարգ մը ժողովներու կառավարիչներու հետ ներկայութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատրագրուած դեսպաններուն:

Ժողովը պիտի ունենայ նաեւ հոգեւոր պահեր: 15 յունիսին առաւօտեան, Ժողովականները պիտի մասնակցին Տոմուս Սանթա մարթա մատրան մէջ մատուցանելիք ֆրանչիսկոս Պապի մատուցած Սուրբ Պատարագին: :
Մինչ Ժողովի բացման սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ կարդինալ Փարոլինը՝ 12 յունիսին:
Ժողովը պիտի եզրափակուի , Տոմուս Սանթա Մարթա Մատրան մէջ կազմակերպուած ճաշով ներկայութեամբ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2019, 12:21