Լուրտի Սրբավայրը Լուրտի Սրբավայրը 

Քահանայապետական պատգամաւոր Լուրտի ուխտաւորներու հովուական հոգածութեան համար։

Լիլ քաղաքի օգնական եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Անթուան Հերուրարը նշանակուեցաւ Լուրտի Ուխտավայրի համար ուխտաւորներու հոգածութեան քահանայապետական պատգամաւոր։

Անտրէա Թորնիելլի  խմբագրականէն - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը յատուկ ուշադրութիւն կը տրամադրէ ուխտաւորներու հոգածութեան եւ կը փափաքի որ Մարեմեան բարեպաշտութեան կեդրոնները միշտ աւելիով դառնան «աղօթքի ու քրիստոնէական վկայութեան վայրեր, որոնք կը համապատասխանեն Աստուծոյ ժողովուրդի կարիքներուն»։

Ունկնդրէ լուրը

2017-ի Մէճուկորէի սրբավայրին համար առնուած որոշումի ուղիով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լիլ քաղաքի օգնական եպիսկոպոս  գերապայծառ Անթուան Հերուրարը նշանակեց «Սուրբ Աթոռի տրամադրութեան տակ» Լուրտի սրբավայրի քահանայապետական պատուիրակ։

Նորանշանակ պատուիրակին ուղղուած նամակին ընթերցումը կատարեց՝  6 Յունիս 2019-ի կէսօրին, Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, Լուրտի ուխտավայրին մէջ, ի ներկայութեան սրբավայրի պատասխանատուներուն ։

Նամակէն ի յայտ կու գայ որ գերապայծառ Ֆիզիքելլան անցեալ ամիսներուն «յատուկ պատուիրակ»ի հանգամանքով  այցելած էր Լուրտի սրբավայրը՝ քննարկելու համար հարցերը, «որոնց աւարտին» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ «կ՛ուզեմ հասկնալ ինչ այլ ձեւեր կարող է որդեգրել Լուրտի Սրբավայրը,  միշտ աւելիով դառնալու վայր՝ աղօթքի եւ քրիստոնէական վկայութեան» ։

Հերուրար եպիսկոպոսին յանձնուած պաշտօնը ժամանակաւոր է, նպատակակէտ ունենալով  հովուական եւ հոգեւոր խնամք տանիլ ուխտաւորներուն ։ Քահանայապետը արդարեւ կը փափաքի շեշտը դնել հոգեւոր ոլորտի առաջնութեան վրայ, փոխան այն փորձութեան՝ միշտ աւելիով ուշադրութիւն յատկացնելու տնտեսական ու կառավարման պահանջներուն։ Ան կ՛ուզէ միշտ աւելիով  խթանել սրբավայրերուն վերապահուած իւրայատկութիւն՝ ժողովրդական ջերմեռանդութիւնը ։

“Evangelii gaudium” առաքելական յորդորագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է «ժողովրդային ջերմեռանդութիւնէն կարելի է ըմբռնել  եղանակը՝ որուն միջոցաւ մշակոյթի մը մէջ հաւատքը ընկալուեցաւ ու մարմնացաւ ու կը շարունակուի փոխանցուիլ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով «Հարստութիւններուն զոր Սուրբ Հոգին կը զեղու ժողովրդային ջերմեռանդութեան ներքոյ» կը հաստատէ «միասին քալելը դէպի սրբավայրերը ու մասնակցիլ ժողովրդային ջերմեռանդութեան ձեռնարկներուն, մեր հետ տանելով մեր զաւակները ու հրաւիրելով այլ անձինք, ինքնիր մէջ աւետարանութիւն է։ Յաւակնութիւնն  չունենանք կառավարելու   այդ միսիոներական ուժը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2019, 12:30