Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէս Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէս  

Կարդինալ Հիւմմէսի «Ամազոնիայի Սիւնհոդոսը» խորագիրով գիրքը։

Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէս Քահանայապետի կողմէ նշանակուեցաւ Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի գլխաւոր զեկուցող

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

15 Հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ հրաւիրեց եպիսկոպոսներու յատուկ սիւնհոդոս մը, նուիրուած Համա-ամազոնեան տարածաշրջանին, նշելով որ սիւնհոդոսին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ «Աստուծոյ Ժողովուրդի այդ հատուածին համար որոնել աւետարանութեան նոր ուղիներ, յատուկ օրէն բնիկներուն համար, որոնք շատ անգամ մոռցուած են ու զերծ համերաշխ ապագայի հեռանկարէն, որուն պատճառներէն մին է մոլորակի կարեւորագոյն թոքերէն՝ Ամազոնեան անտառներու տագնապը»։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէս, որ կղերի Ժողովի երբեմնի կառավարչին էր ու Քահանայապետի կողմէ նշանակուեցաւ Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի գլխաւոր զեկուցող, հրապարակեց «Ամազոնիայի Սիւնհոդոսը» խորագիրով նոր գիրք մը, որուն մէջ Ան կը ներկայացնէ Սիւնհոդոսին կողմէ քննարկուելիք հիմնական նիւթերը, մեկնելով կլիմայական տագնապէն, միշտ աւելի միսիոնար եկեղեցւոյ մը դիմագիծէն, ջուրի միջազգային իրաւունքի հարցէն, ու տարածաշրջանի ապագայի հայող հիմնական խնդիրներն ու հասնելով  Եկեղեցւոյ ապագային՝ որպէսզի աղքատներու ու երկրին ճիչը անլսելի չի մնան ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2019, 08:08