Որոնել

Համաամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարի ներկայացում։

Թղթածրարը բաժնուած է երեք մասերու. «Ամազոնիայի ձայնը». «Համապարփակ բնապահպանութիւն. Աղքատներուն ու հողին աղաղակը» եւ «Ամազոնիային մէջ մարգարէական եկեղեցի. Մարտահրաւէրներ եւ յոյսեր»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 17 Յունիս 2019-ի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ՝ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 6 – 27 Վատիկանի մէջ գումարուելիք «Ամազոնիա, նոր ճանապարհներ եկեղեցւոյ ու համապարփակ բնապահպանութեան համար» խորագիրով, «Համաամազոնեան  տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի «աշխատանքային թղթածրարին»։

Ունկնդրէ լուրը

Մամլոյ Ասուլիսին ելոյթ ունեցան Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար՝ կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերի, եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ենթաքարտուղար գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէ եւ Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանի Բարոյական Աստուածաբանութեան դասատու՝ Հայր Ումպերթօ Միկել Եանէսը։

«Ամազոնեան աշխարհը Եկեղեցիէն կը պահանջէ դառնալ անոր դաշնակից որպէսզի լիակատար կեանքը զոր Յիսուս բերաւ աշխարհ հասանելի ըլլայ բոլորին, ու յատկապէս աղքատներուն»։ Այս է ահա սիրտը Սիւնհոդոսի «աշխատանքային թղթածրարին», որ հիմքը պիտի կազմէ յառաջիկայ հոկտեմբերի սիւնհոդոսի աշխատանքային քննարկումներուն։

Թղթածրարը բաժնուած է  երեք մասերու. «Ամազոնիայի ձայնը». «Համապարփակ բնապահպանութիւն. Աղքատներուն ու հողին աղաղակը» եւ «Ամազոնիային մէջ մարգարէական եկեղեցի. Մարտահրաւէրներ եւ յոյսեր»։

Ամազոնեան տարածաշրջանը որ կը կազմէ  հարաւային ամերիկայի սիրտը, կը ներառէ Պրազիլի, Պոլիվիայի, Փերուի, Էքուատորի, Քոլոմպիայի, Վենեզուելլլայի, Կինեյայի, Սուրինամէի եւ Ֆրանսական կինեյայի երկիներէն մաս մը, տարածուած 7.8 միլիոն քմ տարածքի վրայ, որուն 5.3 միլիոն քմ տարածքը կը վերաբերի Ամազոնեան անտառներուն,  որոնք կը ներկայացնեն արեւադարձային անտառներու 40 առ հարիւրը։

Ամազոնեան շրջանի բնիկներու կեանքը սպառնալիքի տակ

Փաստաթուղթի առաջին մասին մէջ՝ «Ամազոնիայի ձայնը»,  կը ներկայացուի Ամազոնեան տարածաշրջանի իրականութիւնը ու այդ իրականութեան սպառնացող տարբեր երեւոյթները, ինչպէս բնութեան չարաշահումը, քաղաքական ու տնտեսական շահագործումներ, անտառահատումները, ապականութիւնը ու Ամազոնեան շրջանի բնիկներու տեղահանումը ու մարդկային հիմնական իրաւունքներու խախտումը…

Աղքատներուն եւ հողին աղաղակը։

Փաստաթուղթի երկրորդ մասը յատկացուած է համապարփակ բնապահպանութեան հայող հարցերու քննարկումին ու անոնց լուծման հայող մի քանի առաջարկներուն։

Ամազոնեան այսօր վիրաւոր գեղեցկութիւն մըն է, ցաւի ու  բռնութիւններու վայր, շատեր ստիպուած են թողուլ իրենց հողերը որոնք յաճախ թիրախ են «մաֆիական» կազմակերպութիւններու, որոնք տեղացիներուն դէմ կը գործադրեն ամէն տեսակ չարաշահումներ։ Ողբերգական ու բարդ իրականութիւն մը, անջատուած օրէնքէն եւ իրաւունքէն։

Ամազոնեան շրջանի բնիկ ժողովուրդները մեզի շատ բաներ ունին սորվեցնելիք։ Անոնք հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին հոգ տարին իրենց հողին, իրենց ջուրին ու անտառներուն, յաջողելով զանոնք պահպանել անաղարտ մինչեւ օրս, զայն մարդկութեան ներկայացնելով, որպէս Աստուծոյ ստեղծագործութեան ձրի բարիք մը։

Ի տես այս իրականութեան աւետարանութեան նոր ճանապարհները պէտք է կառուցուին երկխօսութեամբ այդ բնիկ ժողովուրդներու հնամեայ իմաստութիւններուն հետ, որպէսզի յառաջիկայ սիւնհոդոսը հանդիսանայ յոյսի նշան մը՝ Ամազոնեան տարածաշրջանի ժողովուրդներուն ու համայն մարդկութեան համար։

Թղթածրարը հուսկ կ՛ուսումնասիրէ բնիկ ժողովուրդներուն ապրած իրականութիւնները որ եկեղեցական հաստատութիւններու տուեալներուն համաձայն բաղկացած են 110 – 130 հասարակութիւններէ կամ «ազատ ազգերէ»։

Ամազոնիային մէջ մարգարէական եկեղեցի. Մարտահրաւէրներ եւ յոյսեր։

Փաստաթուղթին վերջին մասը՝ յատկացուած է տարածաշրջանին մէջ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան ու անոր առջեւ գտնուող նոր ճանապարհներուն։

Տեղական իրականութիւնները կարիքը ունին «մասնակից եկեղեցւոյ» մը, որ ներկայ ըլլայ ու մաս կազմէ ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ բնապահպանական կեանքին, որպէսզի ան կարողանայ անխտիր կերպով մատուցել իր ծառայութիւնը։ Ստեղծագործ երեկեցի մը որ կարողանայ առաջնորդել եւ  իր ժողովուրդին հետ միասին հրատապ պահանջներուն գտնել  նոր պատասխաններ, ապա «ներդաշնակ եկեղեցի» մը, որ խթանէ խաղաղութեան, ողորմութեան եւ հաղորդութեան արժէքները։

Ամազոնեան տարածաշրջանի մէջ Եկեղեցւոյ ներկայութեան մարտահրաւէրները։

Ամազոնիայի դարձաշրջանի մէջ մշակոյթներու բազմազանութիւնէն անդին հեռաւոր եւ ընդարձակ տարածքներն են որ հովուական գետնի վրայ կը ներկայացնեն ամենամեծ դժուարութիւնն ու մարտահրաւէրը։ Այս ծիրէն ներս հարկաւորութիւնը կայ «բնիկ» կոչումներու խթանումին, ի նպաստ աւետարանացոմին։ Հարկաւոր է առ այդ ներկայիս  «այցելող եկեղեցւոյ» իրականութիւնը վերածել «մնայուն եկեղեցի»։ Այցելող որովհետեւ Ամազոնեան տարածաշրջանի առաքեալները քանակով քիչ են ու իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն գիւղէ գիւղ շրջելով ու կարելիութիւնը չունին ամէն շաբաթ նոյն վայերը այցելել։

Այս առընչութեամբ Փաստաթուղթին մէջ հարց կը տրուի եթէ կարելիութիւնը կայ, ի տես առաքելական պահանջին, մի քանի վայրերուն մէջ քահանայ ձեռնադրել «բնիկ հասարակութիւններուն երէցներ» որոնք իրենց ժողովուրդին յարգանքը կը վայելեն ու այնպէս ընել որ Քրիստոնէական Խորհուրդներու մատակարարումը ապահովուի բոլոր քրիստոնեայ հասարակութեան։

Այս ծիրէն ներս մասնաւոր անդրադարձ կը կատարուի նաեւ կիներու դերակատարութեան մասին, անոցն ապահովելով յատուկ տեղ ու յատուկ առաքելութեան ասպարէզ, հուսկ յատուկ շեշտ կը դրուի «համամիութենական» գործունէութեան վրայ, կարեւորելով այլ եկեղեցիներու ու յատկապէս բողոքական եկեղեցիներու առաքելութիւնը։

Եկեղեցի եւ իշխանութիւն։

Ամազոնիայի մէջ Եկեղեցի ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ իրատես ու մարգարէական կերպով դիմագրաւել իշխանութեան հարցը, որովհետեւ այս տարածաշրջանին մէջ մարդիկը կարելիութիւն չունին իրենց իրաւունքը պահանջելու՝ տնտեսական հսկայական ձեռնարկութիւններու ու քաղաքական իշխանութիւններու դիմաց։

Այսօր հողն ու մարդկային իրաւունքը պաշտպանելը կը նշանակէ վտանգել կեանքը։ 2003էն մինչեւ 2017 թուական արդարեւ Ամազոնիայի մէջ նահատակուած են 1119 բնիկներ պարզապէս իրենց հողը պաշտպանած ըլլալուն համար։ Եկեղեցին չի կարող անտարբեր մնալ այս բոլորին դիմաց, ընդհակառակը ան պէտք է թիկունք կանգնի մարդկային իրաւունքը պաշտպանող հաստատութիւններուն ու անձերուն ու յիշէ Ամազոնեան շրջանի նահատակները։

Ամազոնիայի ձայնը՝ ճիչը կոչ կ՛ուղղէ Սիւնհոդոսի եպիսկոպոսներուն հրատապ ու նոր պատասխաններ տալու տարբեր իրականութիւններուն ու որոնելու նոր ուղիներ՝ որոնք կարելի դարձնեն «kairós-ը– վսեմ պահ» եկեղեցւոյ եւ աշխարհին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2019, 11:30