«ԵՕՐ» Վատիկանի Դրամատան շէնքը «ԵՕՐ» Վատիկանի Դրամատան շէնքը 

«ԵՕՐ»ի՝ Վատիկանի Դրամատան 2018-ի հաշուեկշիռը։ 17,5 մլն հասոյթը նուիրուեցաւ Քահանայապետին։

2018-ի 17.5 մլն զուտ շահը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ Քահանայապետի բարեգործական ձեռնարկներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«ԵՕՐ»  կրօնական գործերու հաստատութիւնը- Վատիկանի Դրամատունը – հրապարակեց 2018-ի հաշուեկշիռը, որուն մէջ ի յայտ կու գայ 17.5 մլն Եւրոյի շահ որ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին։

«Շարունակելով աշխարհի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Վատիկանի Պետութեան ի նպաստ ծառայութիւնը, որուն նպատակն է խթանել «աղքատ երկիրներու զարգացումը» ու «իրականացնել ընկերային ու բարեսիրական գործունէութիւններ» ԵՕՐը 2018 թուականին սպասարկութիւն մատուցեց 14.953 յաճախորդներուն։

Հիմնուելով  Ֆրանչիսկոս Պապին «Աւետարանի Ուրախութիւնը» առաքելական յորդորագիրի վրայ, ուր նշուած է որ «Դրամը պէտք չէ իշխէ այլ ծառայէ» ԵՕՐը կը շարունակէ իր ֆինանսական ծառայութիւնը մատուցել ի նպաստ աղքատ երկիրներու ու բարեգործական գործունէութիւններու,  համագործակցելով ընկերութիւններու հետ որոնց  գործունէութիւնը կը համապատասխանէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2019, 10:51