Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հռոմի մէջ պիտի գումարուի երիտասարդներու միջազգային համաժողով:

Երիտասարդներու միջազգային համաժողովի նիւթն է «Երիտասարդները շարժումի մէջ, սինոդական եկեղեցւոյ ներքոյ»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 18 յունիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ, մամլոյ ասուլիսին մը ընթացքին կը ներկայացուի «Երիտասարդները շարժումի մէջ սինոդական եկեղեցւոյ ներքեւ» խորագիրով երիտասարդներուն միջազգային համաժողով» ծրագիրին, զոր տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ յառաջիկայ 19-էն 22 յունիս 2019-ին:

Ունկնդրէ լուրը

Ներկայացումին զրուցողներուն շարքին ելոյթ կ՝ունենան նաեւ Հայր Ալեքստանտր Ավի Մելլօ՝ Սուրբ Աթոռի աշխարականներուն, ընտանիքի եւ կեանքի ժողովի քարտուղարը, ինչպէս նաեւ միեւնոյն ժողովի երիտասարդներուն բաժանմունքի պատասխանատու՝ Հայր խոաօ Շակասը:

Յայտնենք, թէ վերոնշեալ երիտասարդներուն նուիրուած ձեռնարկը կազմակերպած ու անոր յայտարարութիւնը կատարած էր Սուրբ Աթոռի աշխարականներուն, ընտանիքի եւ կեանքի ժողովը, անցեալ 22-27 յունուար 2019-ին, Փանամայի մէջ կայացած երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին աւարտին:

Երիտասարդներուն միջազգային համաժողովի գումարումով Վատիկանեան վերոնշեալ ժողովի նպատակն է ի գործ դնել վերջերս գումարուած «հաւատք եւ կոչումի զատորոշում» խորագիրով երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներուն ժողովի արդիւնքները:

Սուրբ Աթոռի աշխարականներուն, ընտանիքի, կեանքի ժողովը, երիտասարդներու հանդէպ եկեղեցւոյ յատուկ հոգածութիւնը կ՝արտայայտէ, կազմակերպելով ու իրականացնելով ծրագիրներ՝ նուիրուած երիտասարդներուն:

Սուրբ Աթոռի ժողովը, Երիտասարդներուն միջազգային համաժողովի գումարումով կ՝ուզէ շօշափելի կերպով ընդառաջել սինոդական հայրերուն խնդրանքներուն , այն է աշխուժացնել Սուրբ Աթոռի աշխարականներուն,  ընտանիքի ու կեանքի ժողովի երիտասարդներու բաժանմունքի գրասենեակի գործունէութիւնները,  հիմնելով միջազգային մակարդակի վրայ, երիտասարդներու միջազգային մարմին մը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2019, 11:45