Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Անդրէաս Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Անդրէաս 

Կ. Պոլոսյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Ս.Պետրոս ու Ս. Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութեան։

28 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ընդունի Պատրիարքական պատուիրակութեան անդմաները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քրիստոնեաներու միութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշուի որ «Պաշտպան Սուրբերու համապատասխան տօներու պատուիրակութիւններու աւանդական փոխանակումի ծիրէն ներս, 27 - 29 Յունիս 2019-ին Իսթանպուլի Տիեզերական Պատրիարքութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն պիտի կատարէ Հռոմ՝ Սուրբ Պետրոս ու Ս. Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ»։ Մինչ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը ամէն տարի 30 Նոյեմբերին կը մեկնի Թուրքիա մասնակցելու  Սուրբ Անդրէասի տօնի ծիսական արարողութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

Տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Թելմիսսոս Ժոպ Արքեպիսկոպոսը, որ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչն է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մօտ եւ համանախագահ՝ Կաթողիկէ - Օրթոտոքս եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբին։

28 Յունիսին Պատրիարքական վերոնշեալ պատուիրակութիւնը պիտի ընդունուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ապա հանդիպում պիտի ունենայ քրիստոնեաներու միութեան խթանումի քահանայապետական  խորհուրդին հետ։

Շաբաթ 29 յունիսին Պատուիրակութեան անդամները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գլխաւորած սրբազան արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2019, 12:34