Կարդինալ Էլիօ Զկրեչչա Կարդինալ Էլիօ Զկրեչչա 

Ոչ եւս է Կարդինալ Էլիօ Զկրեչչա ՝ Կեանքի Քահանայապետական ակադեմիայի երբեմնի նախագահը։

Ան երկար տարիներ ծառայած է ու ներդրումներ կատարած բժշկական ասպարէզի զանազան կառոյցներէն ներս, որպէս հոգեւոր հովիւ, դասատու, տնօրէն ու խմբագիր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

5 Յունիս 2019-ին 91 տարեկանին իր հոգին աւանդեց առ Հայր Կարդինալ Էլիօ Զկրեչչա։ Անոր մահով Կարդինալական Դասը կազմուած կը մնայ 220 կարդինալներէ որոնցմէ  120ը՝ քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ, մինչ 100ը առանց իրաւունքի։  

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Զկրեչչա ծնած էր Իտալիոյ Անքոնայի շրջանին մէջ գտնուող« Նիտասթորէ Տի Արչեվիա»  գիւղաքաղաքին մէջ, 6 Յունիս 1928-ին։ 1939-ին մուտք կը գործէ Ֆոսսոմպորնէի կրցեր նորընծայարան ու 29 յունիս 1952-ին կ՛ընդունի քահանայական ձեռնատութիւնը։  1973ին կը նշանակուի Կաթողիկէ Սուրբ Սիրտ Համալսարանի բժշկութեան ու վիրաբուժութեան մասնաճիւղի հոգեւոր պատասխանատու ու այդ օրէն կը գործէ բժշկական ասպարէզի զանազան կառոյցներէն ներս, որպէս դասատու, տնօրէն  ու խմբագիր։

5 Նոյեմբեր 1992-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով կը դառնայ  Զամա թեմին  տիտղոսաւոր եպիսկոպոս  ու  1993-ի Յունուար 6-ին կ՛ընդունի եպիսկոպոսական օծումը, դառնալով նաեւ Ընտանիքի քահանայապետական խորհրդուի քարտուղար։

1996ին կը դառնայ Կեանքի քահանայապետական Ակադեմիայի փոփ նախագահ ու 2005-ի Յունուար 3-ին կը նշանակուի նոյն Ակադեմիայի նախագահ մինչեւ 17 Յունիս 2008   թուական երբ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը։  

Կարդինալական տիտղոսը ընդունեց ձեռամբ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին 20 նոյեմբեր 2010 թուականին։

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը

Կարդինալ Զկրեչչային մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր յղեց որուն մէջ նշեց թէ երախտապարտ սրտով կը յիշէ Հանգուցեալի ծառայական վեհանձն  նուիրումը Եկեղեցւոյ- յատկապէս անոր թանկարժէք ու եռանդուն աշխատանքը՝ ի նպաստ մարդկային կեանքի հիմնական արժէքներու պաշտպանութեան։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ աղօթքներ բարձրացնելով առ Աստուած հայցեց որ «անխոնջ այդ ծառայի հոգին ընկալուի Երկնքի արքայութեան մէջ», իր առաքելական օրհնութիւնները ուղարկելով բոլոր անոնց որոնք կը կիսեն Կարդինալ Զկրեչչայի մահուան գոյժը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2019, 14:00