ֆրանչիսկոս Պապ ու  իրեն խորհրդատու կարդինալները ֆրանչիսկոս Պապ ու իրեն խորհրդատու կարդինալները 

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու 30-րդ ժողովը:

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներուն յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ 17-19 սեպտեմբեր 2019ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 27 յունիսին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Տիար Աթեստանրօ Ճիզոթի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի խորհրդատու կարդինալներու խորհուրդի քարտուղար՝ գերապայծառ Մարչելօ Սեմերերոյի հետ միասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Սրբութեան խորհրդատու կարդինալներուն գումարած 30-րդ ժողովին մասին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէնը յայտնեց թէ կարդինալներու երեքօրեայ ժողովը գումարուեցաւ 25-էն-27 յունիսին: Ժողովին ներկայ գտնուեցան Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, կարդինալ Օսքար Անտրէս Ռոտրիկէզ Մարատիակա, կարդինալ Ռենհարտ Մարքս, կարդինալ Սէան Փաթրիք Օ Մալէյ, կարդինալ Ճուզէփփէ Պերդելլօ եւ Կարդինալ Օսվալտ Կրասիաս:  Ժողովին ներկայ եղան նաեւ կարդինալներուն խորհուրդի քարտուղար, գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ ու անոր օգնականը գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ:

Ֆրանչիսկոս Պապ սովուրութեան համաձայն ներկայ եղաւ ամբողջ ժողովներուն բացի չորեքշաբի օր առաւօտեան հրապարակային ընդհանուր ունկդրութեան պատճառով ինչպէս նաեւ հինգշաբթի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ կարգ մը ընդունելութիւններուն պատճառով: 

Սրբազան Քահանայապետին խորհրդատու կարդինալներուն գումարած 30-րդ Ժողովին ներկայացուեցան , առաքելական նոր սահմանադրութեան հայող, Սուրբ Աթոռի կարգ մը ժողովներուն կողմէ յառաջացած եւ կարդինալներուն խորհուրդի յանձնուած նկատողութիւններուն մաս մը: Քննարկումի նիւթ հանդիսացաւ Առաքելական սահմանադրութեան փաստաթուղթերուն հայող հիմնական կարգ մը հարցեր:
Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու 30-րդ ժողովի կ՝եզրափակուի հինգշաբթի, 27 յունիսին յետմիջօրէի 5,30-ին, որմէ ետք երեկոյեան ժամը 6,00-ին, ֆրանսիականս Պապ Վատիկանի Պազիլիքայի մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ՝ ներկայութեամբ խորհրդատու կարդինալներուն:

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներուն յաջորդ ժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ 17-19 սեպտեմբեր 2019ին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2019, 15:06