Չինացի կղերականներ Չինացի կղերականներ 

Սուրբ Աթոռի Չինաստանի կղերին յատկացուած հովուական ուղեցոյցը։

Սուրբ Աթոռը իր այս փաստաթուղթով կ՛ուզէ նայիլ իրականութեան ու Չինաստանի մէջ կղերական դասին ապարծ դժուարութիւնները դիմագրաւել իրատեսութեամբ, մօտիկ ըլլալով կղերական դասին ու հաւատացեալներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 28 Յունիս 2019-ին, լոյս տեսաւ Սուրբ Աթոռի կողմէ պատրաստուած ու Չինաստանի կղերին յատկացուած հովուական ուղեցոյց մը, հայող Չինաստանի մէջ գործող կաթողիկէ կղերականներուն, եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն, որոնք Չինական մէկ օրէնքի ուժով հարկադրուած են քաղաքացիական գրանցում կատարել քաղաքական իշխանութիւններուն մօտ։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ արձանագրութիւնը կը պահանջէ «խնդրագիրի» մը լրացումը ու անոր տակ թեկնածուին ստորագրութիւնը, որուն մէջ ան կը հաստատէ  թէ ինք «կ՛ընդուի Չինաստանի Եկեղեցւոյ անկախութեան, ինքնավարութեան ու ինքնակառավարման սկզբունքները»։

Այս մէկը պարզապէս որովհետեւ Չինաստանի կառավարութիւնը մինչեւ վերջերս չէր ընդունէր Վատիկանի կողմէ նշանակուած եպիսկոպոսները ու յիսունական թուականներուն ստեղծած էր տեղական «Չինական Եկեղեցին», որ անջատ էր Հռոմէն, ուր Եպիսկոպոսները նշանակուած էին կառավարութեան կողմէ։ Միայն վերջերս՝ 2018-ին Սուրբ Աթոռն ու Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութիւնը ստորագրեցին ժամանակաւոր համաձայնութիւն մը, որ նոր ուղիներ բացաւ Վատիկանի եւ Չինաստանի յարաբերութիւններուն միջեւ։

Ի տես ապա բազմաթիւ կաթողիկէ կղերականներուն Վատիկանի ուղղած այն հարցումին թէ ստորագրելու են կամ ոչ վերոնշեալ խնդրագիրը, Սուրբ Աթոռը հիմնուելով խղճի ազատութեան ու ամէն անհատի ազատութեան սկզբունքներուն վրայ կը յորդորէ կամ այդ խնդրագիրի տակ աւելցնել նախադասութիւն մը որուն մէջ ան կը հռչակէ թէ կ՛ընդունի «Չինաստանի Եկեղեցւոյ անկախութեան, ինքնավարութեան ու ինքնակառավարումի սկզբունքները, առանց սակայն զանց ընելու Կաթողիկէ Վարդապետութիւնը», եւ կամ, երբ կարելիութիւն չի տրուի գրութիւնը աւելցնելու, այդ մէկը կատարել բերանացի կերպով, վկայի մը ներկայութեամբ։ Իսկ անոնք որոնք չեն ուզէր կատարել վերոնշեալ արձանագրութիւնը պէտք է  ազատ ըլլան եւ ճնշումներու չենթարկուին։

Սուրբ Աթոռը իր այս փաստաթուղթով կ՛ուզէ նայիլ իրականութեան ու Չինաստանի մէջ կղերական դասին ապարծ դժուարութիւնները դիմագրաւել իրատեսութեամբ, մօտիկ ըլլալով կղերական դասին ու հաւատացեալներուն։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2019, 12:00