Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին պապական նուիրակներուն «շղթայուած Աւետարանին եւ եղէք Աստուծոյ սիրոյ բանտարկեալները:

Կարդինալ Փարոլին բացումը կատարեց քահանայապետական ներկայացուցիչներուն ժողովին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 12 յունիսին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագով, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին բացումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ գումարուած քահանայապետական ներկայացուցիչներուն ժողովին, մասնակցութեամբ 98 պապական նուիրակներու եւ 5 մնայուն դէտերուն::

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ծիրանաւորը Պապական նուիրակները յորդորեց, որ Մարդկութեան ծառայութեան ծիրէն ներս վարեն օրինակելի եւ թափանցիկ կեանք , մարդոց եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ ունենան վառ սէր եւ իրենց պաշտօնը կատարեն ամենայն հեզութեամբ:

Ան ընդգծեց որ պապական նուիրակներուն ծառայութիւնը եւ իրաւական բոլոր համակարգերը նպատակաուղղուած են բոլոր մարդոց բարիքին՝ մարդու իրաւունքներուն յարգանքին, արդար ընկերութեան կառուցման եւ խաղաղ համակեցութեան- որոնք Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական գործունէութեան նպատակներն են: ըսաւ կարդինալ Փարոլին, հաստատելով օրէնքը միշտ եւ լոկ պէտք է ըլլայ մարդկութեան ծառայութեան համար:

Կարդինալ Փարոլին քարոզը աւարտեց հրաւիրելով Պապական նուիրակները, աղօթելու որպէսզի քահանայապետական ներկայացուցիչներու ծառայութիւնը շղթայուած մնայ Յիսուսի աւետարանին եւ այսպէսով դառնան միշտ, սիրոյ օրէնքին՝ քաջ եւ ուրախ «շղթայուած ու բանտարկուած դեսպաններ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2019, 14:35