Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հովուական այցելութեամբ Միացեալ Նահագներ գտնուող Արեւելեան եկեղցիներուն ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, 14-էն - 24 յունիս 2019-ին, կ՝այցելէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող արեւելեան կաթողիկէ հասարակութիւնները:
Ծիրանաւորին Միացեալ նահագներու հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Շիքակոյի Ուրքանացի կաթողիկէ հասարակութեան այցը, որուն որուն ծիրէն ներս Ան այցելեց Ուքրանացիներուն մայր տաճարը, հանդիպում ունեցաւ հաւատացեալներուն եւ կղերական դասին անդամներուն հետ: