Որոնել

Գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա Գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա 

Գերապայծառ Աուզա «Չկայ միտքի եւ խիղճի ազատութիւն առանց պաշտամունքի վայրերու պաշտպանութեան:»

Տակաւին ամբողջ աշխարհին մէջ կը շարունակուի աճ արձանագրել, խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան, հալածանքի եւ ցեղասպանութեան ծանր արարքներու թիւը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա, վերջերս իր մասնակցութիւնը բերած եւ ելոյթ ունեցած է , ՄԱԿ-ի պաշտամունքի, աղօթքի վայրերուն պահապան աման մասին գումարած Ժողովին: Ան իր ունեցած ելոյթին մէջ ՄԱԿ- ի յիշեալ ծրագիրը նկատած է ՝ «քայլ մը դէպի արդար ուղղութիւն»:

Ունկնդրէ լուրը

Գերապայծառ Աուզա իր ելոյթին մէջ, ՄԱԿ-ի Ժողովականներուն դիտել տուած է, որ կրօնական ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութեան ի խնդիր, միջազգային ընտանիքին տարած աշխատանքներուն հանդերձ, տակաւին ամբողջ աշխարհին մէջ կը շարունակուի աճ արձանագրել, խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան, հալածանքի, նոյնիսկ իրենց դաւանած հաւատքին համար, ցեղասպանութեան ծանր արարքներու թիւը: Գերապայծառ Աուզա յիշեց վերջերս տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները որոնք տեղի ունեցան Փիթսպուրկ քաղաքի տաճարին մը մէջ, Նիւ Զելանտայի եւ Սրի Լանքայի երեք եկեղիքներուն ինչպէս նաեւ եւ Պուրքինա Ֆասոյին մէջ հաւատացեալներուն դէմ ահաբեկչական արաքները:

Կրօնական ազատութեան իրաւունքին մասին անդրադառնալով Սուրբ Աթոռի դիւանագէտը յիշեց մարդկային իրաւունքներուն տիեզերական յայտարարութեան թիւ 18 յօդուածը, ըստ որուն իւրաքանչիւր անհատ ունի ազատութեան , միտքի, խիղճի կրօնքի ազատութիւն, եւ որուն մէջ ներգրաւուած է նաեւ կրօնք, դաւանանք փոխելու իրաւունքը, ու անոր մասին ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունքը՝ ըլլայ անհատական, ըլլայ հասարակաց միջավայրէն ներս:

Գերապայծառ Աուզա ակնարկելով ՄԱԿ-ի՝ պաշտամունքի վայրերու փրկութեան ի խնդիր տարած ջանքերուն եւ ծրագիրներուն, գնահատեց եւ բարձ արժեւորեց այդ ձեռնակները նկատելով զանոնք քայլ մը դէպի արդար ուղղութիւնը:
Ան յիշեց ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ալ Ազհար Ահմետ Ալ Թայէպ Իմամի միասնական յայտարարութիւնէն հատուած մը որուն մէջ նշուած է որ պաշտամունքի վայրերու՝ տաճարներուն, եկեղեցիներու, մզկիթներու պաշտպանութիւնը պարտականութիւնն մըն է ՝ երաշխաւորուած կրօններուն, մարդկային արժէքներուն , օրէնքներուն եւ միջազգային համաձայնագիրներուն կողմէ:
Ամէն յարձակում եւ սպառնանք պաշտամունքի վայրի մը դէմ ինչպէս նաեւ ահաբեկչական արարք՝ պայթումի եւ քանդումի միջոցաւ շեղում է կրօնական ուսուցումներէն եւ միջազգային իրաւունքի յստակ խախտում:

Ան ապա մաղթանք մաղթեց, որ ՄԱԿ-ի սոյն ծրագիրները ոչ միայն դատապարտեն ահաբեկչական արարքները այլեւ դատապարտեն յատուկէն պաշտամունքի վայրերու դէմ գործադրուած արաքները եւ այն գաղափարախօսութիւնները, որոնք կը հրահրեն այդպիսի արարքներ գործել:

Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը իր խօսքը աւարտեց նշելով որ արդիւնաւէտ գործողութիւններուն ծրագիր է կոչ ուղղել կրօնական, քաղաքական ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականներուն, որպէսզի դադրին Աստուծոյ անունը շահագործելէ, արդարացնելու համար սպանութեան- աքսորի, ահաբեկչութեան եւ ճնշումի արարքները:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2019, 12:02