Պենտիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապը Պենտիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապը 

«Վաստակաւոր Պապ» տիտղոսակիր գիրք մը կը բացատրէ Պենետիկտոս ԺԶ-ի տիտղոսը:

Գիրքը բաղկացած է երեք գլուխներէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ռոզարիօ Վիթալէ Իտալացի հեղինակ մը վերջերս հրապարակած է հատոր մը,  ուր գիտական որոնումներ կատարած է պատմութեան հոլովոյթին Սուրբ Պետրոսի գահէն հրաժարեալ քահանայապետերու մասին: Ան գիրքին մէջ բաղդատութիւն կատարած է Կղեղես Ե եւ Ռացինկեր երկու Պապերու միջեւ, քննարկելով այժմեան Վաստակաւոր Պապին կանոնական կարգավիճակը,  որ տակաւին ողջ է եւ կը բնակի Վատիկանի Մաթեր Էքլեզիէ վանքէն ներս:

Ունկնդրէ լուրը

Ռոզարիօ Վիթալէ Իտալացի հեղինակը գիտական բարձր մակարդակի վրայ ուսումնասիրութիւն կատարած է Պենետիկտոս ԺԶ պապի Սուրբ Պետրոսի գահէն հրաժարելէ ետք որդեգրած «Վաստակաւոր Պապ» տիտղոսին շուրջ:

Գիրքը բաղկացած է երեք գլուխներէ: Առաջին գլուխին մէջ հեղինակը կ՝անդրադառնայ պատմութեան մէջ Սուրբ Պետրոսի գահէն իրենց հրաժարականը տուող Պապերուն պատմութեան,  երկրորդ գլուխին մէջ բաղդատութիւն կատարած է Կղեմէս Ե  եւ 11 փետրուար 2013ին, Պենետիկսո ժԶ երկու պապերուն միջեւ: Երրորդ գլուխին մէջ ուսումնասիրութիւն կատարած է  Պենետիկտոս ԺԶ հրաժարեալ պապին կանոնական կարգավիճակին եւ «Վաստակաւոր Պապ» տիտղոսի շուրջ :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2019, 11:19