Որոնել

Քոյր Մարիա Լաքապա ու անոր միաբանակից կրօնաւորուհիները Քոյր Մարիա Լաքապա ու անոր միաբանակից կրօնաւորուհիները  

Եկեղեցին կը հարստանայ նոր երանելիներով՝ Մարիա Քարմեն Լաքապա ու անոր 13 կրօնաւորուհի միաբանակիցներու երանացումով:

Մայրապետները կառչած մնալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին կ'ենթարկուին ահռելի տանջանքներու ու կը դատապարտուին մահուան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարիա Քարմեն Լաքապայի ու անոր 13 կրօնաւորուհի միաբանակիցներուն երանացման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ շաբաթ, 22 յունիսին, Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի Santa María la Real de la Almudena Մայր տաճարին մէջ ձեռամբ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Պեչչույին:

Ունկնդրէ լուրը

Սպանացի քոյր Մարիա Տէլ Քարմեն աւազանի անունով Իզապելլա Լաքապա Անտիա ու անոր 13 միաբանակից քոյրերը անդամ էին ֆրանչիսկեաններուն Անարատ Յղութեան միաբանութեան: 

14 կրօնաւորուհի մարտիրոսուհիները իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար ատելութեամբ կը սպանnուին Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ:

Անոնցմէ 10 անմեղ քոյրեր կը գնդակահարուին 8 նոյեմբեր 1936-ին՝ Մատրիտի շրջակայքը, ու անոնց դիակները յաւերժ անհետացած են:

14 մայրապետները կը բնակէին Մատրիտի փակեալ քոյրերու վանքին մէջ , որ յետագային կը բռնագրաւուի հանրապետական կոչուած զինեալներու կողմէ:

1936-ին, քոյրերը փախուստ տալով բռնագրաւուած իրենց վանքէն ապաստան կը գտնեն Մատրիտ մայրաքաղաքի այլ վայրի մը մէջ:
Սակայն կարճ ժամանակ մը վերջ, անգութ խումբ մը ոճրագործ զինեալներ կը վերագտնեն ու կ՝առեւանգեն խեղճ կրօնաւորուհիները խնդրելով անոնցմէ որ ուրանան իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքը:Մայրապետները կառչած մնալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին կ'ենթարկուի ահռելի տանջանքներու ու կը դատապարտուի մահուան։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2019, 08:19