Որոնել

Աստուծոյ աղախին Էտվիկէ Քարպոնի Աստուծոյ աղախին Էտվիկէ Քարպոնի 

Երանելիներուն շարքին այլ Աստուծոյ աղախին մը՝ աշխարական Էտվիճէ Քարպոնի :

Աշխարական Էտիճէ Քարպոնի ի ծնէ իր կուրծքին վրայ կրած է Յիսուսի խաչի նշանը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 14 յունիսին, երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ աղախին աշխարական Էտվիճ Քարպոնի,որուն երանացման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ Աստուծոյ աղախինին ծննդավայր՝ Իտալիոյ Սարտէնիա կղզիի Փոզզմաճորէ շրջանին մէջ, նախագահութեամբ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը կարդինալ Անճելօ Պեչչույին:

Ունկնդրէ լուրը

Աստուծոյ աղախին Էտվիճէ Քարպոնի ծնած է Սարտէնիա կղզիին Փոցցոմաճորէ գիւղը 2 մայիս 1880-ին, առաքինութիւններով օժտուած ընտանիքի մը յարկին տակ:
Ան ի ծնէ իր կուրծքին վրայ կրած է խաչի նշան մը, եւ զայն կրած է իր կեանքի ըն թաքին:
Աստուծոյ աղախին Քարպոնի նախնական ուսումները աւարտելէ առաջ փափաք յայտնած է կրօնաւորուհի դառնալու:- Սակայն դիւրաբեկ եւ հիւանդ մարմին ունենալուն պատճառաւ ստիպուած եղաւ մօր կողքին մնալու:
Ան զբաղեցաւ տնային աշխատանքներով եւ անդադար աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած:

14 յուլիս 1911-ին, աշխարական Քարպոնիին մարմնին վրայ կը յայտնաբերուին Յիսուս չարչարանքներու այլ նշաններ, փորձելով ծածկել զանոնք:
Այս եւս այլ անոր վերագրուած խորհրդաւոր երեւոյթները, 1925-ին կ՝ենթարկուին եկեղեցական ատեանի, որուն ամենայն հեզութեամբ հնազանդեցաւ:
Համաշխարհային Բ պատերազմին օրերուն: Քոյր Քարպոնի եւ իր հարազատները Հռոմ կը փոխադրուին :
Հռոմ կեցութեան ժամանակ Ան լռութեան մէջ ծառայեց եւ աղօթեց, այն ժամանակուան որեւէ քաղաքական խումբի պատկան անձերուն համար:

Աստուծոյ աղախինը հոգին կ՝աւանդէ 17 փետրուար 1952-ին:Անոր աճիւնները մինչեւ 25 մայիս 2019-ին կը հանգչին Նեթթունօ քաղաքի Սանթա Մարիա Կորեթթին տաճարին մէջ ապա երանացման արարողութեան առիթով աճիւնները փոխադրուին Փոցցոմաճորէի Սուրբ Գէորգ անուան ժողովրդապետութիւն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2019, 08:03