Ֆրանչիսկոս Պապ մանուկներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ մանուկներուն հետ 

Իտալիոյ երկու քաղաքներէ աւելի քան 400 մանուկներ շոգեկառքով եւ նաւակով կը ժամանեն Վատիկան:

«Մանուկներուն շոգեկառք» խորագիրով ձեռնարկը՝ նախաձեռնութիւնն է «հեթանոսներուն գաւիթ» կազմակերպութեան, համագործակցութեամբ Իտալական Պետական երկաթուղիի ընկերութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 8 յունիս 2019-ին, Իտալիոյ Ճենեւա քաղաքէն եւ Սարտէնիայի կղզիէն 400 մանուկներ կը ժամանեն Վատիկան հանդիպելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Ճենեւա քաղաքէն կը ժամանեն ,քաղաքի մէջ Մորանտի անուան կամուրջի փլուզումի թիրախ մանուկներ, մինչ Սարտէնիայի կղզիէն , նաւակով կը ժամանեն կղզիին մէջ, 2013-ին, ողողումի թիրախ մանուկներ:

ֆրանչիսկոս Պապ բնական աղէտի թիրախ երկու քաղաքներուն մանուկները կ՝ընդունի յոյսի պատգամ փոխանցելու եւ հրաւիրելու նոր կամուրջներ կառուցելու ՝ժողովուրդներուն եւ տարածքներուն միջեւ: Մանուկները իրենց կարգին Ֆրանչիսկոս Պապին պիտի փոխանցեն իրենց ապրած ողբերգական դէպքերը ու անոնց հետեւանքները:

«Մանուկներուն շոգեկառք» խորագիրով ձեռնարկը՝ նախաձեռնութիւնն է «հեթանոսներուն գաւիթ» կազմակերպութեան, համագործակցութեամբ Իտալական Պետական երկաթուղիի ընկերութեան:

Յայտնենք թէ այս տարուան մանուկներուն նախաձեռնութեան նիւթն է կամուրջներ կառուցել յաղթահարելու համար ամէն կղզիացում:

Ձեռնարկին նպատակն է քանդել ամէն պատնէշ, կառուցելու համար սիրոյ ուղիներ, տոկուն կամուրջներ, ողողումի եւ մանուկները ամէն օր թիրախ դարձնող փլուզումի դէմ :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2019, 10:11