Որոնել

ԿԵանքը թանկարժէք է ԿԵանքը թանկարժէք է 

«Այո՛ կեանքին» խորագիրով միջազգային համագումար։

«Որեւէ կացութեան մէջ կեանքը պարգեւ է ու հնարաւորութիւն՝ աճելու սիրոյ մէջ, փոխադարձ օգնութեան եւ միութեան մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Ժողովը յառաջիկայ 23- 25 Մայիս 2019-ին, կազմակերպած է կեանքի պաշտպանութեան ի նպաստ «Այո Կեանքին։ Խնամք տանիլ դիւրաբեկութեան մէջ գտնուող կեանքին թանկարժէք պարգեւին» խորագիրով միջազգային համագումար մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի «Աուկուսթինիանում» Հայրաբանութեան  կաճարին մօտ, որպէս նպատակ ունենալով՝ առաջարկել բժշկական ու յատկապէս հովուական աջակցութեան իրատեսական  ու վերարտադրելի ձեւեր, զոր իրագործելի ըլլան յղիութենէ սկսեալ, ու բացայայտեն Եկեղեցւոյ մը դիմագիծը, որ մօտիկ է այն ընտանիքներուն որոնց յաճախ որպէս միակ այլընտրանքի ճանապարհ կ՛առաջարկուի վիժումը»։

Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հաստատած է որ «որեւէ կացութեան մէջ կեանքը պարգեւ է ու հնարաւորութիւն աճելու սիրոյ մէջ, փոխադարձ օգնութեան եւ միութեան մէջ»։

Համագումարին նախատեսուած են՝  70 երկիներէ 400 մասնակիցներ, Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու ու թեմերու ներկայացուցիչներ , ընտանիքներ, բժիշկներ ու մասնագէտներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2019, 11:14