Որոնել

Ֆիլիփինի Եպիսկոպոսներ Ֆիլիփինի Եպիսկոպոսներ 

Ֆիլիփինի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի հինգամեայ կանոնական այցը Ս Պետրոսի յաջորդին։

103 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ֆիլիփինի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ են որոնցմէ 82 առ հարիւրը կաթողիկէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 20 մայիս 2019-ին երեք փուլով ընթացք կ՛առնեն Ֆիլիփինի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցերը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։  Եպիսկոպոսներուն առաջին խումբը Քահանայապետին հետ հանդիպում ունեցաւ այսօր՝ 20 մայիսի առաւօտեան, երկրորդ խումբը Հռոմ կը ժամանէ 27 մայիսին ու երրորդ խումբը 3 Յունիսին։

Ունկնդրէ լուրը

103 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ֆիլիփինի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ են, որոնցմէ 82 առ հարիւրը կաթողիկէ։ Ֆիլիփինի մէջ արդարեւ կ՛ապրին 85 միլիոն մկրտեալ կաթողիկէներ որոնք  մեծ դերակատարութիւն ունին Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

Կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է եկեղեցական 16 աւագ թեմերէ, 27 սովորական թեմերէ, 4 տարածքային առաջնորդութիւններէ, եօթը առաքելական փոխանորդութիւններէ ու մէկ մատրանապետէ։

2021 Ֆիլիփինի մէջ պիտի նշուի աւետարանումի 5-րդ դարադարձը, որուն առ ի պատրաստութիւն՝ Ֆիլիփինի եպիսկոպոսները  2013-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին Հաւատոյ Տարի հռչակումի առնըդեր, առաջարկած էին «Ինը Տարիներ աւետարանութեան համար» բնաբանով  հոգեւոր ուղեւորութիւն մը,  ամէն մէկ տարին նուիրելով յատուկ նիւթի մը։ 2018-ն հանդիսացաւ Քահանաներու տարին, մինչ 2019-ն երիտասարդներու տարի, 2020 Ֆիլիփինի եկեղեցին պիտի խորհրդածէ Համամիութենական շարժումի ու միջ կրօնական երկխօսութեան նիւթերու շուրջ՝ ի նպաստ խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան արժէքներու խթանումին։ Իսկ 2021 վերապահուած է «ժողովուրդներու աւետարանութեան» որպէսզի ամէն մէկ հաւատացեալ դառնայ առաքեալ մը։

Եկեղեցւոյ դիմաց կայացած մարտահրաւէրներէն մին է աւետարանական աղանդներու տարածումը, որոնք շատ դիւրաւ կը ներթափանցեն յատկապէսս ապականած ու թերազարգացած միջավայրերու մէջ։ Այլ մարտահրաւէր մըն է նաեւ փոքրամաս իսլամ հասարակութեան հետ երկխօսութիւնը, որուն ծիրէն ներս, դպրոցական եւ համալսարանական  բնագաւառներէն ներս առաջարկուած են կազմաւորումի յատուկ ծրագիրներ, մշակելու համար «երկխօսութեան» ընթացք մը, յատկապէս ներ սերունդներուն համար։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2019, 10:18