Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Արժանթինի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին:

Արժանթինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին միշտ յանձնառու եղած է աղքատները, թշուառները, գաղթականները պաշտնանելու իր պարտականութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 2 մայիսին, սկիզբ առաւ, Արժանթինի 106 եպիսկոպոսներուն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը :
Ֆրանչիսկոս Պապ Արժանթինի եպիսկոպոսները Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի խումբ առ խումբ, 2-էն – 16 մայիս:

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Արժանթինի եպիսկոպոսներուն միջեւ հանդիպումներուն նիւթ պիտի հանդիսանայ Արժանթինի մէջ դիմագրաւուած եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրները, ինչպէս, 1987-ին ներմուծուած, ամուսնալուծման հարցը, միասեռականներու միջեւ ամուսնութիւնը, վիժումի օրինակացումի տարբեր փորձերը ինչպէս նաեւ դաստիարակչական մարզէն ներս կարգ մը հարցեր :

Արժանթինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները միշտ յանձնառու եղած են իրենց պարտականութեան:  Ընկերային գետնի վրայ , անոնք պայքարած են երկիրը յուզող կարգ մը  հարցերուն դէմ  ինչպէս աղքատութիւնը, տնտեսական անհաւասարութիւնը՝ ծանրացած 2001-2002 թուականներուն երկրին մէջ տիրղ տնտեսական տագնապէն,  հողագործներուն աշխատանքային վատ պայմանները,  թմրամոլութեան երեւոյթները ինչպէս նաեւ գաղթականութեան եւ մարդավաճառութեան հարցեր :

Նշենք նաեւ, որ Արժանթինի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին մեծ պայքար մղած է մանկապղծութեան ողբերգական հարցերուն դէմ: Եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասը խիստ օրէնքներ որդեգրած է մանկապղծութեան զոհերը քաջալերելու ՝ դատապարտելու համար կղերականներու կողմէ գործադրուած ահռելի արարքները:

2017-ին, Արժանթինի եպիսկոպոսները հովուական ծառայութեան յատուկ խորհուրդ մը ստեղծած են անչափահասներուն պատշպանութեան համար, որուն պարտականութիւնն է զարգացնել կանխարգիլումի յատուկ ծրագիրներ եկեղեցական կառոյցներէն ներս:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2019, 09:37