Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Ռումանիա ճամբորդութեան նամականիշը Ֆրանչիսկոս Պապին Ռումանիա ճամբորդութեան նամականիշը 

Վաղը կը մեկնիմ Ռումանիա՝ աղօթեցէք ինծի համար. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Վաղը՝ 31 Մայիսին սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական միջազգային 30-րդ ճամբորդութիւնը։

Հինգշաբթի 30 մայիս 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ռումանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ աղօթքներ խնդրեց ճամբորդութեան համար։

«Վաղը կը մեկնիմ Ռումանիա որպէս ուխտաւոր, Ռումանիայի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եղբայրներուն ու կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ միասին քալելու համար։ Կը խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2019, 13:30