Փիեռ Լամպերթ Փիեռ Լամպերթ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 20 Մայիսի թուիթը։

Մշտապէս պաշտպանենք կեանքը

Երկուշաբթի 20 Մայիս 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, թութըրեան կայքին վրայ նոր գրառում մը կատարելով հրաւէր ուղղեց պաշտպանելու կեանքը։  «Աղօթենք բոլոր անոնք որոնք կ՛ապրին անկարութեան ծանր իրավիճակի մէջ։ Մշտապէս պաշտպանենք կեանքը՝ Աստուծոյ պարգեւը, սաղմէն մինչեւ բնական մահ։ Չի զիջինք մնացորդացի մշակոյթին»։

Վերոնշեալ գրառումը հրապարակուեցաւ ճիշդ նոյն օր երբ Ֆրանսայի մէջ որոշում կայացաւ՝ 2008էն ի վեր անգիտակից իրավիճակի մէջ ապրող Վինսան Լամպերթը կեանքի մէջ պահող գործիքները անջատելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2019, 14:00