Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին 29-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին 29-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը 

«Կը խնդրեմ որ աղօթքով ընկերանաք ճամբորդութեանս» Ֆրանչիսկոս Պապին 4 մայիսի թուիթը։

Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութիւնը սկիզբ կ՛առնէ կիրակի 5 մայիսի առաւօտեան ու վերջ կը գտնէ երեքշաբթի 7 մայիսի երեկոյեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կը խնդրեմ որ աղօթքով ընկերանաք Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա ճամբորդութեանս, զոր պիտի սկսիմ վաղը՝ որպէս խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ուխտաւոր»։ Այս է գրառումը զոր Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց  Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ, շաբաթ 4 մայիսի յետմիջօրէին, առաքելական 29րդ միջազգային ճամբորդութեան նախօրեակին, որ զինք կը մղէ Պուլկարիա եւ Մակեդոնիա, որպէս խաղաղութեան եւ միութեան պատգամաւոր։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութիւնը սկիզբ կ՛առնէ կիրակի 5 մայիսի առաւօտեան ու վերջ կը գտնէ երեքշաբթի 7 մայիսի երեկոյեան, որպէս բնաբաններ ունենալով «Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ», Պուլկարիայի ճամբորդութեան համար եւ «Մի Վախնար փոքրիկ հօտ» Հիւսիսային Մակեդոնիայի ճամբորդութեան համար։  Երկու երկիրներուն մէջ կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան միայն մէկ առ հարիւրը ու սոյն առաքելական ճամբորդութիւնը կը կատարուի հետեւելով երեք սուրբերու հետքերուն՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որ 17 տարիներ առաջ առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարած էր Պուլկարիա, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ որ Պուլկարիոյ մէջ ծառայած է որպէս Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ, խթանելով բարեկամութեան եւ եղբայրութեան կապեր ապա Կալկաթայի Մայր Թերեզան որուն ծննդավայրը կը գտնուի Հիւսիսային Մակեդոնիայի մէջ։

Նշենք թէ սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին այցելեց Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ՝ Աւագ Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարը, Աստուածամօր հովանիին յանձնելու համար Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա կատարելիք առաքելական ճամբրոդւթիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2019, 15:00