Տիրամօր Իքոն Տիրամօր Իքոն 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Աստուածամայրը մեզ կը պաշտպանէ չար ուժերու դէմ պայքարին մէջ:

Աղօթենք եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 3 մայիսին, քահանայապետական թուիթըրի կայքին վրայ հրապարակած երկրորդ թութիին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով շատ մը երկիրներու մէջ Տիրամօր նուիրուած մայիս ամսուան, գրեց թէ Աստուածամայրը մեզ բոլորիս կ՝ընկերանայ թիկունք կանգնելով չար ուժերուն դէմ պայքարին : Ան ապա հրաւիրեց աղօթելու եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար:

«Շատ մը երկիրներու մէջ Մարեմեան ամիս է: Աստուածամայրը մեզի կ՝ընկերանայ եւ քրիստոնեաները կը պաշտպանէ չար ուժերու դէմ պայքարի մէջ: Անոր ապաւինինք եւ աղօթենք եկեղեցւոյ եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2019, 13:46