Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Անսալ ժողովուրդին ճիչերուն»:

Երանութիւնները կը մերկացնեն ու թեթեւցնեն ՝Յիսուսին հետեւիլ կարենալու համար»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 9 մայիսին, յետմիջօրէին, Հռոմի Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան տաճարին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Հռոմի թեմի կղերական դասի անդամներուն հետ, որոնց ընկերացած էր Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս՝ կարդինալ Անճելօ Տէ Տօնադիսը:
Հանդիպումի սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ կարդինալ Տէ Տօնադիսը որմէ ետք տեղի ունեցաւ աղօթք ապա սուրբ Գրային ընթերցում:

Ունկնդրէ լուրը

Հանիդպումի ծիրէն ներս, Հռոմի թեմի պատկան Հայր Մարիօ, ֆրանչիոսկոս Պապին ներկայացուց, Հռոմ Թեմի հովուական ծառայութեան վերջին տարուան մասին տեղեկութիւններ,  ինչպէս նաեւ Հռոմի թեմը յուզող կարգ մը հարցեր, որոնց շարքին անկում արձանգրած կոչումներուն, ամուսնութեան եւ մկրտութեան թիւը :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ շեշտեց հեզութեամբ եւ սրտբաց ժողովուրդին ճիչերուն անսալու կարեւորութիւնը, դիտել տալով որ սա եկեղեցւոյ բարեփոխման համար կարեւորագոյն կէտերէն մին է:

Ան յորդորեց հրաժարիլ անձնական շահագրգռութիւնէն, անհատի եւ հաստատութեան ապագայի մտահոգութիւններէն,  ապաւինելով Սուրբ Հոգիին զօրութեան,  դիտել տալով որ ամէն ինչ կարժէ զոհել եւ թողուլ առաքելութեան բարիքին համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Յիսուսի երանութիւններուն, նկատել տալով որ այդ երանութիւնները քրիստոնէական պատգամ է ինչպէս նաեւ մարդկային, որոնք ապրիլ կու տան ու կը նկատուին յառաջ երթալու մղիչ ուժը « Երանութիւնները կը մերկացնեն ու կը թեթեւցնեն՝ Յիսուսին հետեւիլ կարենալու համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ : Ան ապա ճառը աւարտեց ակնարկելով գնչուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին, յորդորելով զգուշանալ ցեղապաշտ եւ ժողովրդապաշտ երեւոյթներէն, որ Եւրոպայի մէջ վերջերս աճ արձանագրած եւ վախ սերմանած երեւոյթներ են:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2019, 11:49