Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խոր ցաւը կը յայտնէ Պուրքինա Ֆասոյի մէջ եկեղեցւոյ մը դէմ կատարուած յարձակումին համար:

Նորին Սրբութիւնը կ՝աղօթէ անմեղզոհերուն անոնց հարազատներուն եւ երկրի բոլոր քրիստոնեաներուն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 12 մայիսին, Պուրքինա Ֆասոյի մէջ եկեղեցի մը դարձեալ զինեալներուն յարձակումի թիրախը կը դառնայ :
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իմանալով եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումի լուրը, որուն զոհ գացած են հինգ հաւատացեալներ եւ քահանայ մը, Իր աղօթքը ապահովեցուցած է զոհերուն, անոնց հարազատներուն եւ երկրի բոլոր քրիստոնեաներուն համար :

Այս մասին կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Տիար Ալեստանտրօ Ճիզոթթին, հրապարակելով նոր թուիթ մը:

Պուրքինա Ֆասոյի մէջ Սուրբ Պատարագի ընթացքին խումբ մը զինեալներ եկեղեցի մտած են ապա զէնքերով կրակ բացած են հաւատացեալներու վրայ, սպաննելով հինգ հոգի եւ եկեղեցւոյ քահանան:
Պուրքինա Ֆասոյի մէջ ըստ տեղական Անսա լրատու գործակալութեան, եկեղեցի խուճած 20 ահաբեկիչներուն նպատակն էր սպաննել թեմի միջ կրօնական երկխօսութեան բաժանմունքին պատասխանատու, Հայր Ապպէ Սիէոն Եամբան:

Ահաբեկիչները քահանան սպաննելէն ետք, զէնքերով կրակ բացած են հաւատացեալներուն վրայ սպաննած են հին հոգի, ապա փախուստ տալէ առաջ հրկիզած են եկեղեցին, կարգ մը խանութներ եւ բուժարան մը:

Յայտնենք, թէ անցեալ 29 ապրիլին, Պուրքինա Ֆասոյի, Սում մարզի Աւետարանական եկեղեցւոյ մը մէջ դարձեալ Սուրբ Պատարագի ժամանակ խումբ մը զինեալներ եկեղեցի մտնելով սպաննած են հինգ հաւատացեալներ :

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2019, 09:52