Որոնել

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասը 

«Դիմագրաւել Լատին Ամերիկայի մարտահրաւէրները» Ֆրանչիսկոս Պապը Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն։

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իր տարեկան նիստը գումարած է Հոնտուրասի Թեկուչիկալփա քաղաքին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի՝ Հոնտուրասի Թեկուչիկալփա քաղաքին մէջ գումարած տարեկան լիագումար ժողովին բացման նիստին առթիւ, ընթերցումը կատարուեցաւ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Կարդինալ Փարոլինի  ստորագրութիւնը կրող մէկ պատգամին, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ եպիսկոպոսները իրենց հայեացքը սեւեռելու Աստուծոյ ու Լատին Ամերիկայի ժողովուրդներուն վրայ, ընդգծելով համահաւաք դասի «եկեղեցական հաղորդութեան» բնոյթը ու այս ծիրէն ներս մատնանշելով անոր կոչումին՝ համագործակցելու Հովիւներու հետ, զանոնք ոգեւորելով եւ վերանորոգուած հոգիով աջակցելով անոր առաքելութեան, պատասխաններ տալով ցամաքամասին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր աղօթքները ապահովեցնելով բոլորին,  անոնց աշխատանքը կը յանձնէ Սուրբ Կոյս Մարիամի Մայրական  հովանիին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2019, 12:36