Միջկրօնական երկխօսութիւնը խորհրդանշող եկեղեցիի եւ մզկիթի մը լուսանկար: Միջկրօնական երկխօսութիւնը խորհրդանշող եկեղեցիի եւ մզկիթի մը լուսանկար: 

«Քրիստոնեաներ եւ Իսլամներ. խթանել մարդկային եղբայրութիւն» Ռամատանի առթիւ քահանայապետական կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի պատգամը:

Կրօնները հրաւէր են խարսխուած մնալու խաղաղութեան արժանքիններուն մէջ, զօրակցելով փոխճանաչողութեան արժանիքներուն , մարդկային եղբայրութեան եւ հասարակաց համակեցութեան :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 10 մայիսին, Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդը հրապարակեց պատգամ մը ռամատանի ծոմապահութեան ամսուան առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

«Քրիստոնեաներ եւ մահմետականներ. խթանել մարդկային եղբայրութիւնը» տիտղոսակիր պատգամին մէջ նշուած է , որ Ռամատանի ամիսը նուիրուած է ծոմապահութեան , աղօթքի եւ ողորմնաբաշխութեան: Ամիս է նաեւ ամրապնդելու հոգեւոր կապերը, քրիստոնեաներուն եւ մահմետականներուն միջեւ, զոր կը կիսեն բարեկամութեան մէջ:»

Պատգամին մէջ քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդը մաղթանք յայտնելով Ռամատանի բեղուն եւ խաղաղ տօնակատարութեան համար, նշուած է թէ կրօնները հրաւէր են՝ խարսխուած մնալու խաղաղութեան արժանքիններուն, զօրակցելու համար փոխճանաչողութեան արժանիքներուն, մարդկային եղբայրութեան եւ հասարակաց համակեցութեան, վերահաստատելով արդարութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը,  աւելցնելով,  որ բազմազանութիւնը յարգելու համար, երկխօսութիւնը  պէտք է խթան հանդիսանայ պաշտպանելու իւրաքանչիւր անձի կեանքի իրաւունքին ու ազատութեան հիմքերը: 

Քահանայապետական խորհուրդը պատգամը եզրափակած է մաղթելով որ սոյն եղբայրութեան պատգամն ու ժեսթը, քաղաքացիական եւ ընկերային կեանքէն ներս արձագանգ գտնէ,  բոլոր անոնց սիրտերուն մէջ,  որոնք ստանձնած են իշխանութեան բարձր պաշտօններ եւ բոլորը կարենան զայն կիրարկել , ոչ թէ պարզապէս իբր հանդուրժողականութեան կեցուածք, այլ իսկական խաղաղ համակեցութեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2019, 12:00