Որոնել

Պուտտա Պուտտա 

Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդին պատգամը Պուտտիսթներու «ՎԵՍԱԽ»ի տօնին առթիւ։

«Պուտտիսթներ եւ Քրիստոնեաներ, միասին խթանենք կիներուն արժանապատուութիւնն ու հաւասար իրաւունքները»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 19 Մայիսին նշուելիք Պուտտիսթներու «ՎԵՍԱԽ»ի տօնին առթիւ, Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդը պատգամ մը հրապարակած է, որուն մէջ հրաւէր կ՛ուղղէ՝ միասին գործելու, ի  նպաստ կիներու հաւասար ու արդար իրաւունքներուն ու անոնց արժանապատուութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն  մաղթող պատգամին մէջ նշուած է թէ այս տարուայ պատգամը ներշնչում քաղած է անցեալ 4 Փետրուարին Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած «Համաշխարհային խաղաղութեան ու համակեցութեան հայող մարդկային եղբայրութեան» Փաստաթուղթէն, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրեց Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայեպի հետ միասին, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի խթանելու նաեւ կիներուն ու անչափահասներուն արժանապատուութիւնը։

Ասկէ մեկնելով պատգամը կը մատնանշէ թէ ինչպէս ըլլայ քրիստոնեայ ըլլայ Պուտտիսթ կիները, նշանակալից ներդրումներ կատարեցին կրօնական աւանդութեան ծիրէն ներս ու թէ ինչպէս տակաւին  անոնք թիրախ են խտրականութեան, բռնութիւններուն եւ ստորադասումի երեւոյթներուն, որոնց դէմ պայքարելու համար,  հիմնական է կիներուն երաշխաւորել դաստիարակութիւն, թոշակի հաւասարութիւն, ժառանգութեան եւ սեփականութեան իրաւունք, եւայլն..խթանելով անոնց արժանապատուութեան եւ իրաւունքներու հաւասարութիւնը։

«Մինչ այս հարցը ամէն օր աւելի հրատապ կը դառնայ, իշխանութեան գլուխ եղողները ու կարեւոր պատասխանատուութիւններ ստանձնող մարդիկ, պէտք է միշտ աւելիով գործնլ ի նպաստ կիներու արժանապատուութեան խթանումին, ու անոր կից նաեւ ամուսնութեան, մայրութեան ու ընտանեկան կեանքին խթանումին»  գրուած է Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի պատգամին մէջ, որուն աւարտին հրաւէր կ՛ուղղուի ամէն ջանք դափել, որպէսզի ըլլայ Քրիստոնեայ, ըլլայ Պուտտիսթ ընտաիքներուն մէջ ու նոյնպէս հասարակութիւններէն ներս, վերանորոգուի յարգանքը՝ կնոջ կեդրոնական  դերակատարութեան  նկատմամբ ու մերժուին անոնց դէմ գործադրուած անարդար խտրականութիւնները

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2019, 13:00