Որոնել

Կարդինալ  Քոնրատ Քրաժեվսքի Կարդինալ Քոնրատ Քրաժեվսքի 

Առաքելական ողորմնաբաշխ կարդինալ Քրաժեվսքի կը շարունակէ բարեգործական եւ մարդասիրական գործունէութիւնները:

Կարդինալը վճարած է Հռոմի մէջ ընտանիքներով բնակուած շէնքի մը ելեկտրականութեան պարտքերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կարդինալ Քոնրատ Քրաժեվսքի, Յունաստանի Լեզւոս կղզիին մէջ գտնուող գաղթականներուն ֆրանչիսկոս Պապին զօրակցութիւնը փոխանցելէ ետք, Իտալիա վերադարձին կը կատարէ այլ մարդկային եւ բարեգործական մեծ ժեսթ մը:

Ծիրանաւորը տեղեկութիւն ստանալով , որ Հռոմի մէջ բազմաթիւ ընտանիքներով բնակուած շէնքի մը մէջ, գրեթէ չորս հարիւր հոգի,  ի մէջ այլոց մանուկներ վատ կացութեան մէջ կ՝ապրին, ելեկտրականութեան եւ տաք ջուրի մատակարարման անջատման հետեւանքով, վճարած  է ելետկրականութեան ընկերութեան շէնքին կապուած հաշիւները, խնդրելով  որ վերահաստատուին ելետրականութեան եւ ջուրին մատակարարումը :

Յայտնենք թէ այդ շէնքի ելեկտրականութեան մատակարարումը անջատուած է կուտակուած եւ ոչ վճարուած պարտքերուն պատճառաւ շէնքին բնակիչներուն կողմէ:

Կարդինալը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը  ընթացքին, նշած է թէ ինք զգալով մարդկային ժեսթ մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը , անձնապէս մտածած է շէնքի ելեկտրականութեան հաշիւները փակել, ընտանիքներուն բարիքին համար եւ քաջ գիտակից է անոնց գալիք հետեւանքներուն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2019, 12:32