Որոնել

Ժոաքին Նավարրօ Վալսը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ Ժոաքին Նավարրօ Վալսը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ 

Սուրբ ՅՊԲ Պապի խօսնակ Ժոաքին Նավարրօ Վալսին նուիրուած գիրք եւ յուշատախտակ։

«Նավարրօ Վալսը եղաւ Աստուծոյ, իր կոչումին եւ Քահանայապետերուն հաւատարիմ անձ մը»
Նավարրօ Վալսի յիշատակին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 24 մայիս 2019-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայացուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երբեմնի խօսնակ  Ժոաքին Նավարրօ Վալսին նուիրուած՝ «Navarro Valls El portavoz»  խորագիրով հատորը որուն հեղինակն է  Ժոաքինի եղբայրը՝ Ռաֆայէլ Նավարրօ Վալսը։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ ՅՊԲ Քահանայապետի խօսնակին նուիրուեցաւ նաեւ յուշատախտակ մը՝ ճիշդ այն վայրին մէջ ուր ան 22 տարիներ շարունակ իր ծառայութիւնը մատոյց գրելով Վատիկանեան հաղորդակցութեան պատմութիւնը։

Գիրքին ներկայացումը կատարեցին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի, Նավարրօ Վալսի 11 տարիներ տեւողութեամբ օգնական՝ Հայր Չիրօ Պենետեթթինի, Նավարրօ Վալսին  յաջորդը Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի եւ Նավարօ Վալսի երբեմնի քարտուղարուհի լրագորղ Վալենթինա Ալազրաքի։  

«Նավարրօ Վալսը  եղաւ Աստուծոյ, իր կոչումին եւ Քահանայապետերուն հաւատարիմ անձ մը» այս բառերով է որ Ռաֆայել Նավարրօ Վալսը կը ներկայացնէ իր եղբայրը,  «Navarro Valls El portavoz»  խորագիրով հատորով որուն մէջ պարունակուած են 20 անձնաւորութիւններու վկայութիւնները։

Գիրքի ներկայացման առթիւ իր ելոյթին մէջ Նավարրօ Վալսի  երբեմնի քարտուղարուհի եւ գործընկեր Վալենթինա Ալազրաքի հաստատեց թէ Նավարրօ Վալսի հետ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը փոխեց իր ընթացքը ու փոխեց նաեւ լրագորղներու կեանքը։ Մինչ անոր օգնական Հայր Չիրօ Պենետեթթինին նշեց թէ ան ունէր հսկայական կարողութիւն ուրիշը կարեւոր նկատելու իսկ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի զայն որակեց «հաղորդակցութեան կոթող»

Գիրգի շնորհանդէսի աւարտին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեկային մէջ բացումը կատարուեցաւ Նավարրօ Վալսին նուիրուած յուշատախտակին, լրագրողներուն յատկացուած սրահին մէջ որ այսօրուընէ պիտի անուանուի «Ժոաքին Նավարրօ Վալսի սրահ» որպէս արդար մեծարանք՝ անոր որ այդ տան մէջ ապրեցաւ սիրով, նուիրումով ու գորովով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2019, 08:00