Վատիկանեան լրատուամիջոցներու հարցազրոյցը Իտալիոյ  Նախագահ Մաթթարելային հետ։ Վատիկանեան լրատուամիջոցներու հարցազրոյցը Իտալիոյ Նախագահ Մաթթարելային հետ։ 

Վատիկանեան լրատուամիջոցներու հարցազրոյցը Իտալիոյ Նախագահ Մաթթարելային հետ։

«Եւրոպան պէտք է վերագտնէ սկիզբի հոգին ու խնամք տանի անհատներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանեան լրատուամիջոցներու երկու տնօրէններ՝ Անտրէա Թորնիելլի, Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան խմբագրական տնօրէն, եւ Անտրէա Մոնտա, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի տնօրէն, հարցազրոյց մը ունեցան Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելային հետ, որ ի լոյս ընծայուեցաւ ուրբաթ 17 մայիսին, որուն մէջ Իտալիոյ նախագահը անդրադրաձ կը կատարէ զանազան նիւթերու շուրջ, որոնց շարքին անհանդուրժողականութեան զգացումի ծաւալումը, Ալ Ազհարի Աւագ Իմամի հետ միասին Ֆրանչիսկոս Պապին մարդկային եղբայրութեան հայող ստորագրած յայտարարութիւնը, Եւրոպային այսօրուայ իրականութիւնը եւ Իտալիա – Վատիկան յարաբերութիւնները։

Ունկնդրէ լուրը

Մաթթարելլա կը նշէ որ «նոյնիսկ եթէ ի յայտ կու գան անհանդուրժողականութեան,  յարձակողական ու փակումի երեւոյթներ, իտալիոյ մէջ տակաւին գոյութիւն ունին զօրակցութեան վերաբերմունքներ», եւ ասոր համար հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապին թելադրանքին «Եւրոպան պէտք է վերագտնէ իր հիմնադիր հայրերուն հոգին։ Ան պէտք է զբաղի եւ հոգ տանի մարդոց, անձերուն» ըսաւ Նախագահ Մաթթրաելլան, որ խօսելով Իտալիա - Վատիկան յարաբերութիւններու մասին, հաստատեց թէ անոնք «գերազանց են բոլոր բնագաւառներէն ներս» կարեւորելով նաեւ Երկիրն մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներդրումը։ Ան ապա շեշտեց աշխարհի մէջ խաղաղութեան ու կրօններու միջեւ երկխօսութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի Իմամին միջեւ,  Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած մարդկային եղբայրութեան յայտարարութեան կեդրոնականութիւնը՝ «որ կարող է սատարել արմատախիլ ընելու ատելութեան եւ ահաբեկչութեան քարոզչութեան հիմքերը» ըսաւ Ան։

Նախագահ Մաթթարելլա անդրադարձ կատարեց նաեւ յառաջիկայ օրերուն Եւրոխորհրդարանի վերաբերող քաղաքական ընտրութիւններուն, այս ծիրէն ներս կարեւորելով նաեւ Եւրոմիութեան իրականութիւնը  ոչ որպէս «տնտեսական շահերու եւ առու ու տուր»ի բնոյթով իրականութիւն մը, այլ «արժէքներու հասարակութիւն»  հաստատեց Մաթթարելլա բաղդատութիւններ դնելով անցեալի եւ այսօրուայ Եւրոպայի միջեւ, ու ակնարկելով  վերջին տասնամեակներուն ձեռք բերուած նուաճումներուն։ Նախագահը կարեւորեց նաեւ երիտասարդ սերունդներու մօտեցումը որոնք, ըսաւ Ան, «Եւրոպան կ՛ըմբռնեն որպէս հասարակաց տուն մը»։

Իտալիոյ Նախագահը նկատել տալով որ «Այս չի նշանակեր թէ Եւրոպայի մէջ ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ»  դարձեալ շեշտը դրաւ արմատներու կարեւորութեան վրայ ու մէջբերց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը «Եւրոպան պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ մարդոց ճակատագրին։ Պէտք է երաշխաւորէ համագործակցութիւնը, պայմաններու հաւասարութիւն, տնտեսական աճում, հիմնուելով քաղաքացիական ու բարոյական մշակոյթի զարգացումին վրայ»։

Դիտէ տեսանիւթը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2019, 14:00