Քահանայապետական պահակագունդի զինուորներ Քահանայապետական պահակագունդի զինուորներ 

Քահանայապետական պահակագունդի զինուորագրութեան 23 նոր Զուիցերացի զինուորներուն երդման արարողութիւնը:

Ամէն տարի 6 մայիսին, տեղի կ՝ունենայ քահանայապետական պահակագունդի զինուորագրուելու նոր զինուորներուն երդման արարողութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ինչպէս ամէն տարին, 6 մայիսին կը յիշատակուի 1527 թուականին , Հռոմի մէջ պատերազմի ժամանակ Կղէմէս Է պապին պաշտպան կանգնելու համար՝ 147 զոհուած զուիցերացի զինուորներու նահատակութեան օրը : Նոյն օրը աւանդութեան համաձայն Վատիկանի մէջ տեղի կ՝ունենայ Քահանայապետական պահակագունդի զինուորագրուելու նոր Զուիցերացի զինուորներուն երդման արարողութիւնը: Այս տարի մայիս 6-ին, քահանայապետական պահակագունդի անդամակցութեան իրենց երդումը կը կատարեն 26 նոր զուիցերացի զինուորներ ժամանած Զուիցերիոյ տարբեր գաւառներէն:

Երդման արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ Վատիկանի Սան Տամասօ դահլիճէն ներս յետմիջօրէին ժամը 5,00ին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Զուիցերիոյ քաղաքական իշխանութիւններուն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, կարդինալներ , եպիսկոպոսներ ինչպէս նաեւ Հռոմի Քուրիայի անդամներ:

Նոր զինուորներուն երդման արարողութեան առթիւ նախատեսուած է տարբեր տօնակատարութիւններ: Տեղի կ՝ունենայ համերգ Իտալական Զուիցերիոյ ֆանֆարային խումբին: ժամերգութիւն «Գթութեան Սրբուհի Մարիամ» տաճարէն ներս, որմէ ետք ծաղկեպսակի զետեղում 6 մայիս 1527-ին զոհուած զինուորներուն ի յիշատակ՝ վատիկանի Protomartiri Romani հրապարակի վրայ:
Երդման արարողութեան օրը՝ 6 մայիսին, առաւօտեան, Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ Վատիկանի Պազիլիքայի աւագ քահանայ Կարդինալ Քոմասթրին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2019, 12:02