Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Սանդ Աննա Եկեղեցւոյ մէջ 17 մարտ 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Սանդ Աննա Եկեղեցւոյ մէջ 17 մարտ 2013-ին 

Վատիկանի Սանդ Աննա ժողովրդապետութիւնը 90 տարեկան։

Պիոս ԺԱ օրով ստեղծուած Վատիկանի Սանդ Աննա ժողովրդապետութիւնը այսօր դարձած է տիեզերական եկեղեցի

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 Վատիկանի Սանդ Աննա ժողովրդապետութեան 90 ամեակին առթիւ որ կը յիշատակուի 30 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պատգամ մը յղած է ժողովրդապետութեան Հովիւ Հայր Պրունօ Սիլվեսթրինիի որուն մէջ մաղթանք կը յայտնէ որ այս յոբելեանը «հրահրէ աւետարանական վկայութեան նոր յանձնառում»։

 Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կը յիշէ նաեւ Ակոսթինեան միաբանութեան կրօնաւորները որոնց յանձնուած է ժողովրդապետութեան խնամակալութիւնը ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան բոլոր համագործակիցները, բոլորին վրայ հայցելով Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներու առատութիւն։

Սանդ Աննա ժողովրդապետութիւնը՝ որ կը գտնուի Վատիկանի մէջ՝ Սանդ Աննա  դուրի անուան մուտքին, ճանչցուած է որպէս Քահանայապետի ժողովրդապետութիւնը։ Հաստատուած է Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով՝ 11 փետրուար 1929-ին ստորագրուած Լատերանեան դաշնագիրէն մի քանի ամիսներ ետք՝ 30 մայիս 1929-ին։ Թէեւ Ժողովրդապետութիւնը ունի միայն 90 տարուայ պատմութիւն՝ Սանդ Աննա եկեղեցւոյ պատմութիւնը սկիզբ առած է 1565-ին, երբ սկսած է անոր կառուցումը ճարտարապետ Ճաքոմօ Պարոցցիի ծրագիրով։  Անոր բացումը կատարուած է 1583-ին։

Տարիներուն ընթացքին բոլոր Քահանայապետերը այցելած են Սանդ Աննա ժողովրդապետութիւնը ու Ֆրանչիսկոս Պապ այդ եկեղեցին ընտրեց այնտեղ մատուցելու իր Քահանայապետ ընտրութենէն ետք  առաջին հանրային պատարագը՝ 17 Մարտ 2013-ին 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2019, 10:51