Եպիսկոպոսներ Եպիսկոպոսներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կը կատարէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներուն լիագումար հաւաքին։

Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի աշխատանքները վերջ կը գտնեն հինգշաբթի 23 մայիսին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 20 մայիս 2019-ի յետմիջօրէին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ կը մեկնարկէ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի տարեկան սովորական ընդհանուր ժողովը որ իր օրակարգին մէջ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ նիւթը. «Գործիքներ եւ ձեւեր առաքելական նոր ներկայութեան մը համար ու քննարկում Իտալիոյ մէջ Եկեղեցւոյ հովուական ուղենիշներու»։

Ունկնդրէ լուրը

Հաւաքին բացումը կը կատարէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ իր պատգամը ուղղելէ ետք ներկաներուն հետ կ՛ունենայ դռնփակ հանդիպում մը։

Երեքշաբթի օրուան օրակարգը կը սկսի Եոիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Կուալթիրերօ Պասսեթիի զեկոյցով ապա նախատեսուած է քննարկում եւ վաւերացում անչափահասներու պաշտպանութեան  առաջնորդական գիծերուն, թարմացում Պարիի մէջ յառաջիկայ 2020ի Փետրուար 19 - 23 կայանալիք Միջերկրականի մէջ խաղաղութեան համար խորհրդածութեան ու հոգեւորականութեան հանդիպումին, հուսկ 2020-2025 տարեշրջանի Հովուական Ուղեգիծի անդրանիկ առաջարկները։

Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի աշխատանքները վերջ կը գտնեն հինգշաբթի 23 մայիսին, Պօղոս Զ անուան սրահի գաւիթին մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսով, որուն ընթացքին նախատեսուած է  Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթիին ելոյթը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2019, 08:59