Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի այցելեց Սերպիա:

Սերպիա այցելութեան ծիրէն ներս ծիրանաւորը , շաբաթ, 18 մայիսին այցելեց Սերպիոյ Օրթոտոքսներու պատրիարք Նորին Սրբութիւն Իրիէժին:

Արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, Լիբանանէն Հռոմ վերադարձէն անմիջապէս ետք, ուրբաթ, 18 մայիսին երեքօրեայ այցելութեամբ Ժամանեց Սերպիա, ուր նախագահեց Ռուսքի Քրթուր քաղաքին՝ բիւզանդացի հաւատացեալներուն համար նոր Էքզարքութեան բացման ծիսական արարողութիւններուն:

Ունկնդրէ լուրը

Սերպիա այցելութեան ծիրէն ներս ծիրանաւորը , շաբաթ, 18 մայիսին այցելեց Սերպիոյ Օրթոտոքսներու պատրիարք Նորին Սրբութիւն Իրիէժին, որուն ընկերացած էին Սերպիոյ եկեղեցւոյ սինոդի երկու մեթրոբոլիտներ :
Հանդիպումի ընթացքին կարդինալ Սատնրի Սերպիոյ պատրիարքին փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնները, անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան վերջերս Պուլկարիա եւ Հիւսիսային Մակեդոնիա կատարած այցելութեան մասին, ապա շնորհաւորած է Սերպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ 800 –րդ յոբելենական տարին :

Սերպիոյ օրթոտոքսներուն պատրիարքը իր կարգին ծիրանաւորէն խնդրեց, որ իր ողջոյնները փոխանցէ Ֆրանչիսկիոս Պապին շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր հովուական ծառայութեան վկայութիւններուն համար:

Կիրակի 19 մայիսին, Սերպիոյ Ռուսքի Քրսթուր քաղաքին մէջ բիւզանդացի հաւատացեալներուն Էքզարքութեան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Կարդինալ Սանտրի նախագահեց էքզարքութեան ստեղծմանՍուրբ պատարագի արարողութեան,  որուն ընթացքին ընթերցեց ֆրանչիսկոս Պապի կոնդակը հայող նոր էքզարքութեան ստեղծման:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2019, 11:50