Որոնել

Կարդինալ Ֆերնատնօ Ֆիլոնի Կարդինալ Ֆերնատնօ Ֆիլոնի 

Կարդինալ Ֆիլոնի Սրի Լանքա ժամանեց մօտիկութիւն ցուցաբերելու ահաբեկչական արարքներու զոհերու հարազատներուն:

Նշենք թէ Յիսուսի Յարութեան տօնին օրը , Սրի Լանքայի մէջ երեք եկեղեցիներ թիրախ դարձան յարձակումներուն որոնց հետեւանքով զոհ գացին 258 հոգիներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ժողովուրդներուն աւետարանումի քահանայապետական ժողովի կառավարիչ, կարդինալ ֆերանտօ Ֆիլոնի, Հինգշաբթի, 23 մայիսին, երեքօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Սրի Լանքա:

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը Սրի Լանքա ժամանեց Թայլանտ կատարած այցելութեան աւարտին, ուր նախագահեց Սիամի առաքելական փոխանորդութեան հիմնադրութեան 350-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն:
Կարդինալ Ֆիլոնիի Սրի Լանքա այցելութեան նպատակն է մօտիկութիւն ցուցաբերել Սրի Լանքայի ժողովուրդին, անցեալ 21 ապրիլին,Սուրբ Զատիկի օրը, ահաբեկչական աղէտալի տարբեր արարքներէն ետք: 

Նշենք թէ Յիսուսի Յարութեան տօնին օրը , Սրի Լանքայի մէջ երեք եկեղեցիներ թիրախ դարձան յարձակումներուն որոնց հետեւանքով զոհ գացին 258 հոգիներ: Ահաբեկչական արարքի գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին Մահմետական ծայրայեղական խմբաւորումներ:

Ժողովուրդներուն աւետարանումի կառավարիչը, Սրի Լանքայի Քոլոմպա քաղաքին մէջ ընկերակցութեամբ թեմին արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Ռանժիթ Փաթապենտիկ Տոն-ի, կատարեց Սուրբ Անտոն եկեղեցւոյ կից գտնուող, աղքատներուն համար ճաշասրահի կառուցման առաջին քարի օրհնութիւնը: Ծիրանաւոր ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ երեք եկեղեցիներու ահաբեչական արարքի զոհերուն հարազատներուն հետ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2019, 09:41