Որոնել

Երանելի Մարիա Քոնսեփսիոն Քապրերա տէ Արմիտա Երանելի Մարիա Քոնսեփսիոն Քապրերա տէ Արմիտա  

Մեքսիքոն ունի նոր երանուհի մը՝ Մարիա Քոնսեփսիոն Քապրերա տէ Արմիտա:

1889-ի հոգեւոր կրթութեան մը ընթացքին մեծ ներշնչում մը կ՛ունենայ որ անջնջելի կերպով կը դրոշմէ անոր կեանքը. «Քու առաքելութիւնդ հոգիներ փրկել է».

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աշխարհական, ամուսնացեալ, ինը զաւակներու մայր, Մարիա Քոնսեփսիոն Քապրերա տէ Արմիտա՝ որ ժողովրդային կերպով ճանչցուած է Քոնչիթա անունով, եղած է յատուկ կին մը, որ Աստուծմէ ընդունեց հոգիներու փրկութեան առաքելութիւնը եւ որ այսօր Մեքսիքայի մէջ կ՛արժանանայ խորաններու պատուոյն, Մեքսիքօ Քաղաքին մէջ Քահանայապետի անունով՝ Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Պեչչուի նախագահած սուրբ պատարագի մը ընթացքին։

Ունկնդրէ լուրը

Մարիա Քոնսեփսիոն Քապրերա տէ Արմիտա ծնած էր Սուրբ Լուիս Փոթոզի քաղաքին մէջ՝ 1862-ին եւ իր մահկանացուն կնքած էր Մեքսիքօ քաղաքին մէջ 1937-ին։ Ամուսնացած էր Ֆրանսիսքօ Արմիտայի հետ որուն հետ միասին ունեցած է ինը զաւակներ։

Ան եղած տիպար հարս եւ մայր։ 1901-ին կ՛ապրի իր ամուսնոյն վաղահաս մահուան ցաւը ապա զաւկի մը կորուստի մեծ կսկիծը, տառապանքներ որ կը կարողանայ դիմագրաւել իր մօտ ունենալով Յիսուսը ու անոր նկատմամբ սէր։

1889-ի հոգեւոր կրթութեան մը ընթացքին մեծ ներշնչում մը կ՛ունենայ որ անջնջելի կերպով կը դրոշմէ անոր կեանքը. «Քու առաքելութիւնդ հոգիներ փրկել է»։ Ասկէ մեկնելով Ան կը հիմնէ զանազան հասարակութիւններ, 1894-ին՝ «Խաչին գորխերը» եւ «Խաչին առաքելութիւնը», 1897-ին «Յիսուսի Սուրբ Սրտին Խաչի միաբանուհիները», 1909-ին «Սիրոյ դաշնութիւնը Յիսուսի Սուրբ Սրտին հետ», 1912-ին «Քահանայական եղբայրութիւնը»  եւ 1914-ին համագործակցեցաւ Հայր  Ֆելիքս Տէ Եզուս Ռուժէրի հետ հիմնելով «Սուրբ Հոգիին Միսիոնարներ» միաբանութիւնը։

Ան եղած է նաեւ 46 գիրքերու հեղինակ։ Անոր ձեռագիրերը հրապարակուած են հուսկ 158 հատորներու մէջ ու անոր Հոգեւոր Օրագիրին մէջ  պարունակուած են սրբակեաց կեանքի 40 տարիները ուր ի յայտ կու գայ անոր Քրիստոսի նկատմամբ գորովալից սէրը, ու Քրիստոսը ուրիշներուն ճանչցնելու մեծ իղձը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2019, 09:18