Սրի Լանքայի ահաբեկչական արարքներու զոհերուն ի յիշատակ Սրի Լանքայի ահաբեկչական արարքներու զոհերուն ի յիշատակ 

Սուրբ Աթոռը. Սրի Լանքայի մէջ Զատկուայ օրուան յարձակումները հակաքրիստոնեայ էին։

Գերապայծառ Աուզա. «չկան բաւարար բառեր դատապարտելու համար այդպիսի ահռելի արարքներ որ պէտք է անուանենք իրենց անունով «հակաքրիստոնեայ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտ գերապայծառ Աուզա, ուրբաթ 3 մայիսին, իր մասնակցութիւնը բերաւ Նիու Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ կայացած Սրի Լանքայի մէջ անցեալ սուրբ  Զատկուայ տօնին օրը, տեղի ունեցած ահաբեկչական արաքներու զոհերու յիշատակութեան արարողութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ գերապայծառ Աուզա ցաւով վերյիշելով Սրի Լանքայի մէջ անցեալ 21 ապրիլին կայացած եկեղեցիներու եւ զբօսաշրջութեան վայրերու դէմ յարձակումները, որոնք պատճառեցին 257 զոհեր, իր աղօթքները ապահովեցնելով անոնց,  յայտնեց որ «չկան բաւարար բառեր դատապարտելու համար այդպիսի ահռելի արարքներ որ պէտք է անուանենք իրենց անունով «հակաքրիստոնեայ» - ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը ու աւելցուց «Այն օր երբ Քրիստոնեաները կը տօնախմբէին իրենց ամենակարեւոր ու հանդիսաւոր տօնը՝ կեանքի մահուան վրայ ու բարիի չարին վրայ յաղթանակը, ծայրայեղականներ, մահ, չարիք ու խաւար սերմանեցին, ոչ միայն Սրի Լանքայի մէջ, այլեւ համայն աշխարհին մէջ» ըսաւ գերապայծառ Աուզա յիշելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին, Սուրբ Զատկուայ տօնին օրը արտայայտած  մօտիկութիւնը՝ Սրի Լանքայի քրիստոնեաներուն։

ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտը հուսկ նշեց թէ «բաւարար չեն միայն դատապարտական խօսքեր, հարկաւոր են միջամտութիւններ, արմատախիլ ընելու այդ պատուհասը ու այդ միջամտութիւններէն  մին կը կայանայ արարքները կոչելով իրենց անունով։ Սրի Լանքայի մէջ պատահածը հակաքրիստոնէական արարք էր ու եթէ միջազգային հասարակութիւնը միշտ ուշադիր է եւ արդարօրէն կը քննադատէ հակա իսլամական կամ հակահրէական արարքները հարկաւոր է նաեւ դատապարտել քրիստոնեաներուն դէմ անհանդուրժողականութեան արարքները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2019, 11:32