Որոնել

Բնապահպանութիւն Բնապահպանութիւն 

« Laudato si'– Գովեալ Ըլլաս» Քահանայապետական շրջաբերականի 4րդ տարեդարձը։

«Մարդկային համապարփակ զարգացումի խթանման ի ծառայութիւն» վատիկանեան բաժանմունքին կոչը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր 24 մայիսին կը յիշատակուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հասարակաց տան խնամակալութեան ու պաշտպանութեան նուիրուած «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի հրապարակումի չորրորդ տարեդարձը, որուն առթիւ Մարդկային համապարփակ զարգացումի խթանման ծառայութեան վատիկանեան բաժանմունքը հրապարակած է գիտական աշխարհի հասարակութեան ուղղուած նամակ մը, որուն մէջ կ՛ընդգծուի որ բնապահպանական տագնապը տակաւին ընթացքի մէջ է ու տակաւին կը գտնուինք Փարիզի «COP 21» գագաթնաժողովի տասնամեակին մէջ որ կը յատկանշէ այն ժամակէտը որուն ծիրէն ներս պէտք գործել  նուազեցնելու համար մոլորակի ջերմաստիճանը։ Ասկէ մեկնելով նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղուի միասնական յանձնառումով գործելու ի նպաստ վերոնշեալ նպատակին, շեշտելով որ «այդ մէկը այլեւս անյետաձգելի է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2019, 13:00