Կարդինալ Քրայեվսքի Լեսվոս կղզիին մէջ Կարդինալ Քրայեվսքի Լեսվոս կղզիին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապ 100 հազար Եւրօ նուիրեց Յունատսանի Քարիթասին

Ֆրանչսկոս Պապ կ՛ուզէ այդ մարդոց համար ըլլալ կամուրջ մը դէպի աւելի լաւ կեանք մը խտտացուած երկիր»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական ողորմաբաշխ գրասենեակի նախագահ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեվսքի յատուկ առաքելութեամբ մեկնած է Յունաստան ու յատկապէս Լեսվոս Կղզի ուր իր հետ տարաւ Ֆրանչիսկոս Պապին գործնական զօրակցութեան արտայայտութիւնը որ կը կայանայ 100 հազար Եւրօ նուիրատուութեան մէջ,  զոր յատկացուած է Յունաստանի Քարիթասին ու Լեսվոս կղզիի մէջ ապաստան գտած Աֆղանիստանէն, Իրաքէն, Իրանէն, Սուրիային եւՀիւսիսային Ափրիկէէն ժամանած փախստականներուն, որոնց ընդհանուր թիւը Յունաստանի մէջ կը հասնի 70 հազարի։

«Մենք ուղարկուած ենք Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, որովհետեւ Եւրոպան մոռցաւ թէ Յունաստանի մէջ բազմաթիւ գաղթավայրեր կան» ըսած է այս առթիւ Կարդինալ Քրայեվսքին վստահեցնելով որ «մարդիկ փրկելը առաջնահերթութիւն է»  ու յատկապէս փրկել անոնք որոնք յոյսով յատկանշուած ապագային կը ձգտին։«Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ուզէ այդ մարդոց համար ըլլալ՝ դէպի աւելի լաւ կեանք տանող կամուրջ,  դէպի խտտացուած երկիր» հաստատեց Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2019, 09:54