Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Վատիկանի մէջ Հոգեւոր կրթութիւն Հարաւային Սուտանի եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն համար:

Հոգեւոր կրթութիւնը տեղի պիտի ունենայ 10-11 ապրիլ 2019-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա տան մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիան

Երեքշաբթի, 9 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր տնօրէն, Ալեսանտրօ ճիզոթթի յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց Վատիկանի մէջ, հարաւային Սուտանի եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն համար կազմակերպուած հոգեւոր կրթութեան մասին:

Ունկնդրէ լուրը

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդառաջելով Քանդերպուրի Արքեպիսկոպոս, Ճասթին Վելպիի խնդրանքին, ընդունած է որ Վատիկանի մէջ կազմակերպուի Հարաւային Սուտանի եկեղեցական եւ Քաղաքական բարձրարստիճան անձնաւորութիւններուն համար՝ հոգեւոր կրթութիւն , զոր տեղի պիտի ունենայ 10-11 ապրիլ 2019-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա տան մէջ:

Քաղաքացիական իշխանութիւններուն կողմէ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հարաւային Սուտանի հանրապետութեան նախագահ՝ տիար Սալվա Քիիր Մայարտիլ, ինչպէս նաեւ նախագահական անձնակազմի 5 անդամներ:
Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչներն են Ուկանտատայի Կուլու թեմի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ճոն Պաբթիսթ Օտամա, Ափրիկէի եւ Մատակասքարի Աւագ մեծաւորներուն համահաւաք դասին նախագահ, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ակպոնղիանմէկ Օրոպաթոր:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ որ յիշեալ համամիութենական եւ դիւանագիտական բնոյթ ունեցող ձեռնարկը կազմակերպուած է Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան եւ Քանթերպուրի Արքեպիսկոպոսի միջեւ կնքուած հասարակաց համաձայնութեան հիման վրայ, որուն նպատակն է , եկեղեցւոյ կողմէ արդիւնաբեր առիթ ընծայել՝ աղօթելու, խոկալու, հանդիպելու ինչպէս նաեւ համերաշխութեան , բոլոր անոնց որոնք առաքելութիւնն ու պատասխանատուութիւն ունին գործելու՝ խաղաղութեան ապագային եւ հարաւային Սուտանի բարգաւաճման համար՝ վստահութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով:
Հոգեւոր կրթութեան աւարտին , որ պիտի եզրափակուի հինգշաբթի, 11 ապրիլին՝ յետմիջօրէին՝ 5,00-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հոգեւոր կրթութեան մասնակիցներուն պիտի փոխանցէ իր սրտի խօսքը, որմէ ետք մասնակիցներուն պիտի բաշխուի , ֆրանչիսկոս Պապին , Քանթերպուրի արքեպիսկոպոսին եւ Սքովիտիոյ եկեղեցւոյ պատուելի՝ Ճոն Շալմերսի ստորագրութիւնները կրող սուրբ գիրքի օրինակ մը ինչպէս նաեւ «որոնէ այն ինչ, որ կը միացնէ. յաղթահարէ այն ինչ որ կը բաժնէ» տիտղոսով՝ պատգամը:
Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւններով վերջ պիտի գտնէ Հարաւային Սուատնի խաղաղութեան ի խնդիր հոգեւոր կրութեան ձեռնարկը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2019, 08:15